ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրեզնոյէն քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաօ ստանձնած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետի պաշտօնը, քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնի կողքին։
Վալատաօ ծանօթ է հայանպաստ եւ յատկապէս Արցախի ի նպաստ իր քայլերով ու կարեւոր դեր խաղացած է Արցախը ականազերծելու ծրագիրներուն մէջ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան նաեւ կը յիշեցնէ, թէ նոր Ներկայացուցիչներու տան մէջ Վալատաօ ընտրուած է ազդեցիկ Յատկացումներու յանձնախումբի ատենապետ, յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը կը նպաստէ Հայաստանին եւ Արցախին դաշնակցային յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ջանքերուն։