ՌՈԲԵՐԴ ՌՈՒԲԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆՍ
(Ծնեալ՝ 4 Յունուար 1935ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Ռոբերդ Ռուբիկ Գրիգորեանսի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2020ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 1 Փետրուար 2021ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Մարիէթ Գրիգորեանս
Զաւակը՝ Վարդան եւ Սիւզի Գրիգորեանս եւ դուստրերը՝ Ալինա եւ Լիանա
Դուստրը՝ Իզաբէլ եւ Սփիրոս Մերիանոս եւ զաւակենրը՝ Վիքթըր եւ Զոի
Դուստրը՝ Անահիտ եւ Կարպիս Տումանեան եւ զաւակը՝ Յարութ
Եւ համայն Թաբրիզի, Յակոբեան, Սարգիսեան, Տաղլարեան, Մերիանոս եւ Տումանեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆերահեան Ազգային վարժարանին (Holy Martyrs Ferrahian Armenian High School, 5300 White Oak Ave, Encino, CA 91316, In memory of Robert R Grigorians, or online – https://tinyurl.com/y2fup8pr):