ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ նշանակեց Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը:
Հայր սուրբը ձեռնադրուած եւ օծուած է 2012ին: Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պըրքլիի Graduate Theological Union համալսարանին մէջ, արժանանալով մագիստրոսի աստիճանին: Հայր սուրբը կաթողիկոսարանին մէջ ստնաձնած է Երիտասարդական բաժանմունքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան հոգեւոր խորհրդատուի եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ եղած է Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեշեցւոյ հոգեւոր հովիւը: