ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
2 Հոկտեմբեր 2020ին՝ Արցախի պատերազմի մեկնարկէն քանի մը օր անց, Ատրպէյճանի մեծաչափ դրօշը տեղադրուեցաւ Պաքուի «ԵԱՐԱԹ» ժամանակակից արուեստի պատկերասրահի ճակատամասին՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» հսկայական պատգամով:
Ասիկա ընդունելի չէր Թուրքիա ծնած, ծագումով քիւրտ նկարիչ Ահմետ Օկութի համար, որուն «Ոչ Մէկ Բանաստեղծութիւն Կը Սիրէ Իր Բանաստեղծը» անունով ցուցահանդէսը Մայիս 2020էն սկսեալ կը ցուցադրուէր նոյն պատկերասրահին մէջ: Ի տես այս դրօշին, Օկութ խնդրեց հանել քարոզչական պաստառը եւ համարձակօրէն յայտարարեց. «Ես կը մերժեմ թոյլ տալ, որ աշխատանքս քաղաքական գործիքաւորման զոհ դառնայ»:
Պատկերասրահի տնօրէնութիւնը մերժեց հեռացնել դրօշը եւ փակեց Օկութի ցուցահանդէսը 29 Հոկտեմբեր 2020ին՝ նախատեսուածէն երեք շաբաթ առաջ:
Ըստ Calvert Journal-ի յօդուածին՝ «Ասիկա օրինակներէն մէկն է, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանի ակնյայտօրէն ծաղկող արուեստը կը թաքցնէ աւելի մութ բան մը՝ խորապէս ընտանեվարական միջավայր, որ սովորաբար կը ճնշէ այլախոհ ձայները՝ ստեղծելով Ատրպէյճանի` որպէս ազատ եւ արուեստասէր ժողովուրդի միջազգային կերպար»:
Օկութի նման արուեստագէտներ, որոնք կը մերժեն աջակցիլ Ատրպէյճանի քաղաքական քարոզչութեան, արագօրէն կը վռնտուին եւ կը կորսնցնեն ստեղծագործական բոլոր արտօնութիւնները:
Ամբողջ աշխարհին մէջ նկարիչները անհանգստացած էին Ատրպէյճանի կողմէ լիազօրութիւններու չարաշահման պատճառով նկարիչին իրաւունքներու եւ անկախութեան ոտնահարման համար: Սակայն, ասիկա զարմանալի չէր թուեր անոնց, որոնք հետեւած էին երկրի բռնապետ ղեկավարին կողմէ կատարուած բազմաթիւ այլ խախտումներու: «Իլհամ Ալիեւի եւ փոխնախագահ ու առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի կողմէ ղեկավարուող Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բազմիցս քննադատուած է իրաւապաշտպան խումբերու կողմէ, շարունակական գրաքննութեան, մարդկային իրաւունքներու վատ ցուցանիշներու եւ շատ տարածուած կաշառակերութեան համար: Հարեւան բռնապետական վարչակարգերէն շատերու նման, ակնյայտ է, որ նախագահի ընտանիքին անդամները, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր կը տիրապետեն երկրի առեւտուրին` վաստակելով միլիոնաւոր տոլարներ եւ Ալիեւին տեղ ապահովելով աշխարհի քարիւղային ամէնէն հարուստ միլառատէրերու ցանկին վրայ», կը գրէ Calvert Journal-ը:
«ԵԱՐԱԹ» պատկերասրահը հիմնադրած է նկարչուհի, համադրող, եւ փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի զարմուհի Աիտա Մահմուտովան: Պաքուի «Մարիոթ» պանդոկը, որ ըստ «Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան մասին լուսաբանման նախագիծ»ի լրագրողներու՝ ենթադրաբար կապուած է Ալիեւի դուստրեր Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաներուն հետ, «ԵԱՐԱԹ»ի հիմնական գործընկերներէն մէկն է», կը գրէ նոյն աղբիւրը։
«Մահմուտովա նաեւ Ատրպէյճանի ժամանակակից արուեստի պատկերասրահներէն մէկուն՝ Պաքուի ժամանակակից արուեստի թանգարանի (MoMa) տնօրէնն է: 2009ին, Մեհրիպան Ալիեւա հիմնադրած է թանգարանը, որ նիւթապէս կը հովանաւորուի Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին կողմէ (որուն նախագահն է Մեհրիպան Ալիեւա, իսկ փոխնախագահը՝ Լէյլա Ալիեւա). անիկա բարեգործական կազմակերպութիւն է եւ ստեղծուած է ի յիշատակ Ատրպէյճանի նախկին նախագահին` գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօր: Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի մշակութային աստղային մէկ այլ վայր է Հէյտար Ալիեւի կեդրոնը: Հէյտար Ալիեւի կեդրոնի ներկայ տնօրէնը Անար Ալաքպարովն է՝ Ատրպէյճանի փոխնախագահի նախկին օգնականը եւ նախագահի ներկայ օգնականը», կը նշէ Calvert Journal-ը:
Պաքուն ունի քանի մը այլ փոքր պատկերասրահներ, որոնք կը վերահսկուին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ: ««Աղջկայ Աշտարակ» պատկերասրահը Պաքուի մէջ արուեստի վայր մըն է, որուն մասնաճիւղը Պերլինի մէջ կը ղեկավարէ Էմին Մամետովը, որ նաեւ կ՛աշխատի որպէս Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամի արուեստի համադրող: «Ատրպէյճանի ժամանակակից արուեստը» շրջիկ ցուցահանդէս մըն է, որուն նաեւ կ՛աջակցի Հէյտար Ալիեւի կեդրոնը, անիկա շրջած է եւրոպական մայրաքաղաքներով, ուր Մեհրիպան եւ Լէյլա Ալիեւաները կազմակերպած են ճոխ ու հանդիսաւոր բացումներ՝ եւրոպական կառավարութեան պաշտօնեաներու եւ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ: Նոյեմբեր 2020ին, պատկերասրահը բացաւ «Զինուած Արուեստով» ցուցահանդէսը, որ ենթադրաբար նպատակ ունէր նպաստելու խաղաղութեան, Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն ետք, մինչդեռ «ԵԱՐԱԹ»ի նման, անիկա եւս բացայայտօրէն կ՛աջակցէր Ատրպէյճանի կառավարութեան դիրքորոշման եւ կ՛օգտագործէր քաղաքականապէս յագեցած ռազմատենչ լեզու: Kicik QalArt պատկերասրահը «Արթ Էքս Իսթ» հիմնադրամի նախագիծն է եւ մայրաքաղաքին մէջ փոքր տարողութեամբ ուրիշ կարեւոր վայր մը, որ թէեւ այժմ փակ է, կը պատկանի արուեստի գործեր հաւաքող եւ տնտեսագէտ, զուիցերիացի Օլիվիէ Մեսթելանին: Նախապէս Մեսթելան «Աթահոլտինկ» բաց բաժնետիրական ընկերութեան խորհուրդի կազմին մէջ էր, զոր կը ղեկավարէր «Աթապանք»ը՝ Ատրպէյճանի առեւտրային մեծագոյն դրամատուներէն մէկը, որ այժմ սնանկացած է եւ կը պատկանի «Աւանդներու Ապահովագրութեան Ֆոնտին» (ADIF): Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան կողմէ 2011ին իրականացուած քննութեան՝ կը նկատուէր նաեւ, որ Մեսթելան գանձապահն էր Փանամայի մէջ տեղակայուած երեք ստուերային ընկերութիւններու, որոնք կապուած էին «Ազերֆոն» Պաքուի հեռահար հաղորդակցական ընկերութեան հետ, որ իր կարգին կապեր ունէր Արզու եւ Լէյլա Ալիեւաներուն հետ», կ՛աւելցնէ Calvert Journal-ը:
Արաբական ծոցի եւ Կասպից ծովու տարածաշրջանին մէջ ժամանակակից արուեստի զարգացումը ուսումնասիրող մասնագէտ Լեսլի Կրէյ կը բացատրէ, որ Ատրպէյճան եւ այլ երկիրներ իբրեւ գործիք կ՛օգտագործեն ժամանակակից արուեստը՝ իրենց միջազգային վարկանիշը վերափոխելու համար:
Ատրպէյճանի ղեկավարները հետաքրքրուած չեն արուեստով՝ յանուն արուեստի: «Անոնք յոյս ունին արուեստը օգտագործելու իբրեւ գործիք՝ միջազգային ուշադրութիւնը այլ բաներու վրայ կեդրոնացնելու համար, զայն շեղելով բանտարկուած լրագրողներու եւ ազատ խօսքի դէմ եղած ճնշումներէն», կը հաստատէ նոյն թերթը:
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նաեւ օգտագործած է իր ներդրումները ամբողջ աշխարհի ժամանակակից արուեստին մէջ՝ իր ուժը ներկայացնելու եւ բարի կամք հաստատելու համար: «Մեհրիպան Ալիեւա, Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամին միջոցով, առատաձեռն գումարներ նուիրած է մշակութային այնպիսի հաստատութիւններու, ինչպիսիք են Վերսալեան պալատը, Փարիզի Լուվրը եւ Վատիկանի թանգարանները, այլեւ 1995ին ստեղծուած անոր հանրային բարեգործական «Ատրպէյճանի մշակոյթի բարեկամներ» հիմնադրամը պարբերաբար կը կազմակերպէ գեղարուեստական ցուցահանդէսներ երկրէն դուրս», կը տեղեկացնէ Calvert Journal-ը:
Արդիւնքը եղաւ այն, որ «2004ին Մեհրիպան Ալիեւա նշանակուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի բարի կամքի դեսպան, որ պարգեւ մըն էր միջազգային մշակութային փոխանակումը խթանելու անոր գործունէութեան համար: Աւելի ուշ՝ 2010ին, Ալիեւա ԵՈՒՆԵՍՔՕէն ոսկէ մետալ ստացաւ՝ «միջ-մշակութային երկխօսութիւն հաստատելու գործին մէ»ջ իր գործադրած ջանքերուն համար: Տարիներու ընթացքին, Ատրպէյճան յատկապէս բարենպաստ յարաբերութիւններ ունեցած է ՄԱԿի այդ մարմինին հետ. Հոկտեմբեր 2015ին, Մեհրիպան Ալիեւայի խնդրագիրով, ԵՈՒՆԵՍՔՕն Փարիզի իր կենդրոնատեղիին մէջ հիւրընկալեց ցուցահանդէս մը, որ որքան ալ հեգնական թուի, կը կոչուէր «Ատրպէյճան՝ հանդուրժողականութեան երկիր»: Բացման արարողութեան ընթացքին, երբ լրագրող մը Ալիեւայի հարցուց, թէ արդեօք ցուցահանդէսին վերնագիրը կը համապատասխանէ՞ Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրականութեան, հաշուի առնելով, որ երկիրը «շատ քաղաքական բանտարկեալներ ունի բանտերը», Ալիեւա հերքեց ըսուածը եւ կռնակ դարձուց, մինչ ապահովութեան պաշտօնեաները վայրէն հեռացուցին լրագրողը: Յարաբերութիւնները յատկապէս բարեյաջող էին Մեհրիպան Ալիեւայի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոքովայի միջեւ, 2009էն 2017 թուականներուն: Անոնց յարաբերութիւնները քննութեան ենթարկուեցան 2017ին, երբ Պոքովայի ամուսինը՝ Կալին Միթրեւ, քննութեան ենթարկուեցաւ Պուլկարիոյ գլխաւոր դատախազին կողմէ, ատրպէյճանական ընկերութիւններու կողմէ անոր դրամատնային հաշիւներուն կատարուած վճարումներուն մասին լրատուական միջոցներու կողմէ հնչած հրապարակումներուն առիթով: Այս դէպքէն ետք, Պոքովա նամակ յղեց «Կարտիըն» թերթին` պաշտպանելով Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն արդարացիութիւնը, սակայն երբեք բացայայտօրէն չխօսեցաւ իր ամուսնոյն ստացած գումարներուն կամ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման հարցով իր դիրքորոշման մասին», կը բացատրէ Calvert Journal-ը:
Այսուամենայնիւ, Ատրպէյճանի կողմէ արուեստի խայտառակ օգտագործումը բացայայտուեցաւ 2011ին, երբ «Ատրպէյճան գրաքննեց իր իսկ արուեստի գործը, Վենետիկի «Պիէնալէ»՝ աշխարհի ժամանակակից արուեստի ամէնէն հեղինակաւոր ցուցահանդէսին, կտաւի տակ պահելով իր սեփական նկարիչներէն մէկուն աշխատանքը: Մոսկուաբնակ նկարչուհի Այտան Սալախովայի «Սպասելով հարսին» աշխատանքը, ուր կ՛երեւէր կին մը՝ ոտքէն գլուխ սեւ քողով, եւ ուրիշ քանդակ մը, որով կը ներկայացուէր Մեքքէյի Սեւ քարը՝ արգանդի նմանող մարմարէ շրջանակի մը մէջ ամփոփուած, պահուած էին սպիտակ կտորի մը տակ: Հետագային, (Ատրպէյճանի) կառավարութիւնը պնդեց, որ արուեստի այս գործերը «վնասուած էին տեղափոխման ընթացքին», մինչդեռ ցուցահանդէսի բարձրաստիճան աղբիւրներ պարզաբանեցին, թէ այդ աշխատանքները գրաքննութեան ենթարկուած էին` վիրաւորական նկատուելով իսլամութեան համար», կ՛ըսէ Calvert Journal-ը:
Ատրպէյճանի կողմէ արուեստի չարաշահման հարցով ոչինչ զարմանալի է: Կառավարութիւն մը, որուն զինուորները կը կտրեն գերեվարուած հայերու գլուխները եւ ականջները, կրնայ դիւրաւ շահագործել արուեստը՝ քօղարկելու համար կաշառակերութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ