ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան, Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Շահին Մուսթաֆա Շաբաթ, 30 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ գումարեցին եռակողմ աշխատանքային խումբի առաջին նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմէնիա»ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան 9րդ կէտին գործադրումէն բխող միացեալ աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ 11 Յունուարի յայտարարութեան 2րդ, 3րդ եւ 4րդ կէտերը:
Կողմերը համաձայնեցան կազմել հետեւեալ փորձագիտական ենթախումբերը.
– Երկաթուղային, ինքնաշարժներու եւ համակցուած փոխադրութիւններու գծով,
– Փոխադրութիւններու ապահովման հարցերով, ներառեալ` անվտանգութեան, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնաբուժական, բուսա-առողջապահական եւ վերահսկողութեան այլ ձեւեր:
Կողմերը նաեւ համաձայնեցան մինչեւ 2 Փետրուար աւարտել փորձագիտական ենթախումբերու ձեւաւորումը եւ մինչեւ 5 Փետրուար գումարել անոնց առաջին նիստերը:
Եռակողմանի աշխատանքային խումբի յաջորդ նիստը որոշուեցաւ գումարել Մոսկուայի մէջ: Համանախագահները հանդիպումի օրուան շուրջ պիտի համաձայնին աշխատանքային կարգով: