ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ*
Նոր ժամանակաշրջանին աշխարհով մէկ ընդհանրացած համաճարակի տագնապին հետ զուգահեռ, հեռավար ուսուցման գործնական ծրագիրը նաեւ ի զօրու դարձաւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններուն համար:
ՀՕՄի դարաւոր եւ սրբազան առաքելութեան՝ «ժողովուրդիս հետ, ժողոխուրդիս համար» նշանաբանով՝ կը հաստատուի նաեւ, ՀՕՄի հայեցի դաստիարակութեան, հայերէնակրթութեան, մշակութային արժէքներու իմացութեան եւ փոխանցման նուիրական աշխատանքը, որ այս ժամանակաշրջանին նաեւ հեզասահ ընթացքի մէջ է, ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններուն մէջ:
2020-2021ի ընթացիկ տարուան Սեպտեմբեր ամիսէն սկսած, ՀՕՄի արեւմտեան շրջանի Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինը, գործակցութեամբ Շրջանային վարչութեան՝ համատեղեց իր աշխատանքները եւ ծրագիրները, նպաստելու հեռավար ուսուցման կարելիութիւնները մեծ մաշտապով ներառելու ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան համար, պահպանելով անոնց կապը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասաւանդութիւններէն անբաժան մնալու անհրաժեշտութեան միտումով:
Այս առիթով, հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան՝ Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինը, յաջորդաբար հեռակապով հանդիպումներ ունեցաւ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն հետ, փոխանցելու եւ նախապատրաստական աշխատանքներ տանելու, հեռավար ուսուցման հեզասահ կիրառման եւ աշակերտները ներգրաւելու անհրաժեշտութեան քայլերով:
Այսպէս, աշակերտները իռենց մասնակցութիւնը բերին՝ արցախեան աղիտալի պատերազմին ընթացքին իրենց սրտի խօսքերն ու բացիկները հասցնելով հայ զինուորին ու իրենց մանկապատանեկան անկեղծ արտայայտութիւններով, հայ զինուորին կողքին ըլլալով հայրենասիրական զգացումներով:
Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով, տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմին կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցան խորհրդանշական նուէրներու բաշխում հեռավար միջոցներով, աշակերտներուն հոգեկանը բարձրացնելու եւ հարազատ կապը պահպանելու համար վարժարանին եւ աշակերտին միջեւ:
27 Յունուարի երեկոյեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմնին կազմակերպութեամբ՝ հեռավար ծրագրով տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ ներկայացուած հոգեբան-խորհրդատու Նորա Շիթիլեան-Քալաշեանի կողմէ՝ «Վերադարձ դէպի բնականոն իրավիճակ» նիւթով: Այժմէական եւ գործնական տեսակէտներով եւ խորհուրդներով, դասախօսը մեծ հաղորդականութեամբ եւ իրեն յատուկ սիրալիր ոճով փոխանցեց մասնագէտի իր շատ կարեւոր խորհուրդներն ու տեսակէտները՝ բարձր եւ դրական տրամադրութեամբ յաղթահարելու համար ներկայի ընկերային եւ առողջապահական պայմանները եւ փոխյարաբերութիւնները մեր շրջապատին մէջ:
Առ այդ, ՀՕՄի հեռանկարը եւ տեսլականը կը մնան միշտ առողջ հունի մէջ, խարսխուած ազգային, հայրենական, պատմական եւ մշակութային ամրակուռ ոգիի պահպանման մէջ:
ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանները կը գործեն եւ պիտի շարունակեն իրենց վստահուած նուիրական գործը՝ հայ աշակերտին առողջ եւ ազգային դաստիարակութեան կորիզը ամրապնդելու ուխտին հաւատարիմ մնալով:
Յարգանք ու պատի՛ւ ՀՕՄի նուիրեալներուն, համակիրներուն եւ իրենց զաւակները ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններուն վստահող հայ մայրերուն եւ մեծ մայրերուն:
*Խնամակալ մարմինի ատենապետ