ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօր. Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան՝ աւելցնելով, որ այս պաշտօնը նախապէս կը վարէր Մովսէս Յակոբեան։