ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբերին կազմուեցաւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման յանձնախումբը, հետապնդելու համար պահպանումը բոլոր այն կրօնական, մշակութային եւ պատմական արժէք ունեցող յուշարձաններու, որոնք անցան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Ս․ Էջմիածինի մէջ կազմուեցաւ յատուկ գրասենեակ եւ աշխատակազմ, գլխաւորութեամբ հայր Գարեգին Համբարձումեանի, որուն ջանքերով պատրաստուեցաւ ընդհանուր ցանկը բոլոր այն յուշարձաններուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, մատուռներուն եւ խաչքարերուն, որոնք այժմ դիտաւորեալ կործանման ու չէզոքացման վտանգին տակ են: Անկէ կարելի է հետեւցնել, որ Արցախի շուրջ մեր 4403 յուշարձանները այժմ վտանգուած են: Անոնցմէ 128ը կարեւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ են:
Յանձնախումբը կը շարունակէ կանոնաւորապէս նիստեր գումարել, մասնակցութեամբ Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն մասնագէտ, իրաւագէտ ու կարող հայ եւ օտար անհատներու:
Ներկայիս, յանձնախումբին ժողովները կ՛ընթանան չորս բեւեռներու վրայ․
Ա. Աշխատիլ միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններու հետ, յուշարձաններու պահպանման գործը հսկողութեան կիզակէտին պահելու համար: Դիմել WMF, Blueshield, UNESCO եւ այլ կառոյցներու, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնը նման յուշարձաններու անխաթար պահպանումն է:
Բ.- Օրինական ու փաստագրական փաստաթղթերու վերադասաւորում եւ հրատարակութիւն: Այդ աշխատանքը սկսած է եւ այժմ կը պատրաստուի համացանցային կայք մը, ուր նման հրատարակութիւններ, յօդուածներ ու աղբիւրներ պիտի թարգմանուին զանազան լեզուներու եւ հրապարակուին:
Գ.- Գտնել, բացայայտել ու վերահրատարակել Արցախի վերաբերեալ սկզբնաղբիւրները, թարգմանելով զանոնք զանազան լեզուներու, ներառեալ՝ թրքերէնի, արաբերէնի եւ այլն: Նաեւ, քաջալերել եւ յանձնարարել նոր յօդուածներու գիտական ուսումնասիրութիւնը, միջազգային հարթակներուն հրամցնելու համար: Հայր Գարեգինը ներկայիս այս գործով կ՛աշխատի Մատենադարանի երիտասարդ գիտնական խումբի մը հետ:
Դ. Միջազգային գիտական համագումարներ կազմակերպել, գիտական եւ քաղաքական գործիչներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու եւ Արցախի յուշարձաններու պահպանման գործը աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու համար:
Յանձնախումբը վերջերս նաեւ ընդլայնեցաւ, համագործակցելով Արեւելեան թեմին ջանքերով կազմուած յանձնախումբին հետ: Սրբազանին յանձնարարութեամբ, Արեւմտեան թեմը ներկայացնող ու երկու թեմերու աշխատանքները համադրողներ նշանակուեցան Բագրատ Ծ. վրդ. Պերճեքեանը եւ դոկտ. Ռէյչըլ Կոշկարեան: Յանձնախումբի անդամներուն վրայ աւելցան նաեւ Աւստրիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ առաջնորդները:
Արդէն իսկ կազմուած են յանձնախումբեր՝ կազմակերպելու համար շարք մը համագումարներ, առայժմ առցանց կարգավիճակով, որոնց միջոցաւ պիտի շօշափուին իրաւագիտական, պատմական ու մշակութային կարեւորութիւնները Արցախի մեր պատմամշակութային ու կրօնական յուշարձաններուն: Միւս կողմէ, սրբազանին նախաձեռնութեամբ, նաեւ կապեր հաստատուած են Ճափոնի դեսպանին հետ, Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներուն հետ յիշեալ հարցը քննելու համար:
Յանձնախումբի բազմաճիւղ աշխատանքները համադրելու եւ առաւել արդիւնաբեր գործունէութիւն ծաւալելու համար, 1 Փետրուարի ժողովին իբրեւ արդիւնք՝ կազմուեցաւ նաեւ մարմին մը, համադրելու Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ թեմերուն ու Մայր Աթոռի աշխատանքները: