ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին յանձնեց Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին շինարարական փաստաթուղթերը՝ իբրեւ նախապատրաստութիւն այս տարուան ամրան տեղի ունենալիք հիմնարկէքին։
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ թանգարանին յատակագիծին վերջնական օրինակին վաւերացումը կ՛ակնկալուի գարնան։
Թանգարանին ձեւաւորման խորհրդականներու խումբը կ՛առաջնորդէ ճարտարապետական «Ալաճաճեան Մարքոսի» հիմնարկը, իսկ անոր մաս պիտի կազմեն՝ շինարարութեան վարիչ Ռապըրթ Կուտուին, ձեւաւորման IMEG Corp հաստատութիւնը, ճարտարագիտական «Ռէյթըն» ընկերութիւնը, «Կլումաք» ելեկտրական ճարտարագիտութեան հաստատութիւնը, Courtland Studio LLC-ն եւ A. Zahner հաստատութիւնը։
Նշենք, որ երկյարկանի թանգարանը 50,820 քառակուսի ոտք տարածութեան մէջ պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Հայ-ամերիկեան թանգարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: