ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն նամակ մը յղած է Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ըրլ Լիցընպըրկըրին՝ պատասխաններ պահանջելով դեսպանին վերագրուող՝ «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնելու» շնորհաւորական յայտարարութեան մասին։
«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ուժերը յարձակեցան Հայաստանի ու Արցախի վրայ, սպաննելով շուրջ 5000 հայեր եւ աւելի քան 100,000 հայեր ստիպուած եղան հեռանալու Ղարաբաղէն: Ըստ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ 27 Յունուարին հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարարին հետ հանդիպումին ընթացքին՝ դուք շնորհաւորեցիք Ատրպէյճանը «տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու» առիթով եւ յայտնեցիք պատրաստակամութիւն` մասնակցելու պատերազմին պատճառով Պաքուի հսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներու վերակառուցման աշխատանքներուն», նամակին մէջ կ՛ըսէ Շըրմըն:
Քոնկրեսականը կը յիշեցնէ ամերիկացի դիւանագէտին, որ Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի գործընթացի գործօն անդամ է եւ պէտք է հետամուտ ըլլայ Արցախի հակամարտութեան այնպիսի կարգաւորման, որ պիտի ապահովէ Արցախի ապահովութիւնը ու բացառէ պատերազմի վերսկսումը: