ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7:36ին Հայաստանի Շորժա գիւղէն 5 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք արձանագրուեցաւ 4.7 աստիճանի երկրաշարժ:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնեց, որ երկրաշարժը արձանագրուեցաւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ 5-6 բալ ուժգնութեամբ, Կոտայքի, Տաւուշի, Լոռիի եւ Արարատի մարզերու բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ` 4-6 բալ ուժգնութեամբ, Երեւանի մէջ` 3-4:
Վարչութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ երկրաշարժին պատճառով, Հայաստանի տարածքին աւերածութիւններ, զոհեր եւ տուժածներ չեն արձանագրուած։
Աւելի ուշ, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան տեղեկացուց, որ մեծ աւերներ չեն եղած։ «Այս պահի տուեալներով`որոշ հին շինութիւններ, գոմեր են վնասուել եւ ելեկտրահաղորդման գծերի վնասներ ունենք, որի հետեւանքով շրջակայ համայնքներում այս պահին հոսանք չկայ: Շողակաթ եւ Ճամբարակ խոշորացուած համայքների բնակավայրերում հոսանք չկայ: Մասնագէտներն աշխատում են. շուտով հոսանքը կը վերականգնուի», ըսաւ Սանոսեան: Ան նշեց, որ շինութիւնները վնասուած են հիմնականին մէջ Շորժա եւ Արտանիշ համայնքներուն մէջ: Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան: