ՄՈՍԿՈՒԱ, ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն, յոյս ունի մօտիկ ապագային նախնական առաքելութիւն ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքները: Այս մասին «Թասս»ի թղթակիցին յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչը:
Ան դիտել տուաւ, որ այցելութեան վերաբերող քննարկումները կը շարունակուին՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք շուտով կը գործնականանան։
Յայտնենք, որ 20 Նոյեմբեր 2020ին ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաքելութիւն ուղարկելու Ղարաբաղ` օգնելու վերականգնել տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Արցախի տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու պահպանութեան հարցին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի փորձագիտական խումբին շրջանը այցելութեան:
«Որքան տեղեակ եմ, ներկայ պահուն բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ԵՈՒՆԵՍՔՕի նախնական առաքելութեան` Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան կազմակերպման վերաբերեալ: Յոյս ունինք, որ այս ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային եւ պիտի նպաստէ շրջանին մէջ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման», ըսաւ ան` պատասխանելով մշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին հարցումի մը:
Արցախի երրորդ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 կարեւոր յուշարձաններ: