ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Փրենսա Արմէնիա».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շրջանային վարչութիւնը հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ պատերազմի եւ պարտութեան պատասխանատու կը նկատեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը եւ Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնական «Իմ Քայլ»ը խմբակցութեան անդամները:
Պատերազմին պարտութեան պատասխանատու քաղաքական ղեկավարը չի կրնար պաշտպանել ազգային շահերը եւ ներկայացնել Հայաստանը բանակցութեան սեղանին շուրջ, որովհետեւ թշնամիի ծաղրի առարկայ է եւ չի վայելեր դաշնակիցին վստահութիւնը: Ան պէտք է հրաժարի եւ կազմուի անցումի կառավարութիւն մը, որպէսզի կազմակերպէ արտակարգ ընտրութիւններ:
Յայտարարութիւնը պատասխանատու կը նկատէ նաեւ Իմքայլական պատգամաւորները, որոնք չպահանջեցին վարչապետին հրաժարականը: Երկու ղեկավարութիւնները կը վստահեցնեն, որ Արժանթինի, Ուրուկուէյի թէ Պրազիլի համայնքները կը մնան հայրենիքի եւ հայրենի ժողովուրդին կողքին եւ կը մնան յանձնառու` վերապրումի եւ ապագայի նկատմամբ վստահութեան վերականգնման Ճիգերուն: Աւելի՛ն, յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այս պայմաններուն մէջ, «Սփիւռքի պատասխանատուութիւնն է` հայկականութեան իմաստաւորման վերանորոգման մասին մտածել»։ Յայտարարութիւնը կ՛աւարտի համայնքային կազմակերպութիւնները հրաւիրելով՝ իրենցը դարձնելու յայտարարութեան բովանդակութիւնը:
Յայտարարութիւնը, սպաներէն եւ հայերէն տարբերակներով, երկու կուսակցութիւններու օրգաններուն մէջ՝ «Արմէնիա» եւ «Սարդարապատ», լոյս տեսաւ Յունուարի վերջին շաբթուան ընթացքին:
Ստորեւ կու տանք յայտարարութեան հայերէն տարբերակը՝ ամբողջութեամբ.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
27 Սեպտեմբեր 2020ին, համաճարակի համաշխարհային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ընդհանուր յարձակողականի անցան Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Պատերազմի սկիզբէն 44 օր ետք՝ 9 Նոյեմբեր 2020ին, Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսիա եռակողմանի յայտարարութիւն մը՝ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման, ռուս խաղաղապահ ուժերու տեղադրման եւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ սկսելու համար:
Փաշինեանի ստորագրած զինադադարի յայտարարութիւնը ընդգրկեց պատերազմի ժամանակ չկորսուած հողատարածքներու յանձնում, որ ընդգրկեց Արցախի պատմական տարածքի 70 տոկոսին յանձնումը, որմով Արցախի վերահսկողութեան տակ մնաց նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքէն նուազ տարածք:
Պատերազմին զոհուեցան աւելի քան 5 հազար հայ զինուորներ եւ քաղաքացիներ, հարիւրաւոր ուրիշներ գերի ինկան, Արցախի բնակավայրերու վայրագ ռմբակոծումը տասնեակ հազարաւորներ ձգեց անօթեւան եւ առանց թշնամիին տիրապետութեան տակ անցած իրենց օջախները վերադարձի կարելիութեան:
Ատրպէյճանի հետեւողական սպառնալիքը Սիւնիքի եւ Տաւուշի ուղղութեամբ եւ պարտադրուած նոր սահմանագծումները վտանգի տակ դրած են Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը եւ իբրեւ գերիշխան անկախ երկիր՝ լինելութիւնը:
Աղիտալի պարտութեան եւ նուաստացուցիչ եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութեան պատասխանատուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է այնպէս, ինչպէս ինք ընդունեց: Նուազ պատասխանատու չեն Ազգային ժողովի (ԱԺ) պատգամաւորները, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ստեղծած «Իմ Քայլը» խորհրդարանային խմբակցութեան անդամ են. փոխանակ վարչապետէն պահանջելու, որ հեռանայ իր պաշտօնէն եւ ստեղծելու քննիչ յանձնաժողով մը, որպէսզի բացայայտէ պատերազմի ղեկավարման ընթացքը եւ պարտութեան պատճառները, ԱԺի մեծամասնական պատգամաւորները զինք պահեցին իր պաշտօնին վրայ:
Համաշխարհային պատմութեան մէջ, այն պետական ղեկավարը, որ պատերազմին պարտութիւն կը կրէ եւ անձնատուութեան թուղթ կը ստորագրէ իր սեփական որոշումով եւ առանց որեւէ խորհրդակցութեան, մէկ կողմ քաշուած է՝ առիթ տալու համար նոր ղեկավարութեան մը իշխանութեան գալու:
Պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուած այս պարտութենէն ետք, վարչապետ Փաշինեան չի՛ կրնար եւ պէտք չէ՛ նստի բանակցութիւններու սեղանին: Ինչպէ՞ս ան պիտի ներկայացնէ երկիրը, երբ թշնամին զինք կ՛արհամարհէ եւ կը ծաղրէ, առաւել՝ Հայաստանի գլխաւոր դաշնակիցը՝ Ռուսիան կորսնցուցած է անոր հանդէպ վստահութիւնը: Այս իրավիճակով, վարչապետ Փաշինեան ի՞նչ կարողութիւն ունի ազգային շահերը պաշտպանելու:
Հայաստանի ապագան եւ գոյութիւնը վտանգի տակ են: Պարտութեան բերած նորագոյն մարտահրաւէրները կրնայ դիմագրաւել միայն նոր, ազգային միութեան անցումի կառավարութիւն մը, որպէսզի պատերազմի վնասները հաշուարկէ, անոնց վերացման աշխատանքներուն ընթացք տայ: Այլապէս, միայն նոր պարտութիւններ պիտի գան առաւել եւս հարցականի տակ դնելու երկրին ապագան:
Խորհրդարանական վարչակարգի մը մէջ պատգամաւորները խմբակցութիւններ կազմերու եւ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ բանակցութիւններ սկսելու պարտականութիւնը ունին: ԱԺի պատգամաւորներէն կը սպասուի ըլլալ պատմական պայմաններու բարձրութեան մակարդակին եւ կասեցնել Հայաստանի քաղաքական ճգնաժամը:
Անցումային կառավարութեան կազմակերպելիք արտահերթ ընտրութիւններով յառաջացած նոր Ազգային ժողովը եւ նոր իշխանութիւնները կրնան պարտութեան հետեւանքներու յաղթահարման ուղին հարթել՝ ընդհուպ մինչեւ թշնամիին բռնագրաւածին վերատիրացում, քննադատական մօտեցումով վերատեսութեան ենթարկել անցնող 26 տարիներու սխալները եւ բացթողումները ու հրատապ ձեւով վերամտածել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք ռազմավարական կապին մասին:
Այնպէս, ինչպէս ազգին եւ հայրենիքին համար ճակատագրական պահեր եղան Ցեղասպանութիւնը, Սարդարապատի գոյամարտը, Երկրորդ Համաշխարհային (Հայրենական) պատերազմը, 1988ի երկրաշարժը եւ Արցախեան ազատամարտը (1992-1994), Սփիւռքը այսօր, աւելի քան երբեք, պարտի ըլլալ իր հայկական ինքնութեան եւ պատմական իրաւունքներու վերադարձի պայքարի պահանջած յաձնառութեան բարձրութեան վրայ: Այսօր, աւելի քան երբեք, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին կողքին պիտի ըլլանք՝ վերապրումի եւ ապագայի նկատմամբ վստահութեան վերատիրացման ճիգերուն մասնակցելով: Աւելի՛ն, Սփիւռքի պատասխանատուութիւնն է հայկականութեան իմաստաւորման վերանորոգման մասին մտածել:
Այս գիտակցութեամբ է, որ հարաւային ամերիկայի կազմակերպութիւններս, որոնք այս միացեալ յայտարութեան ներքոյ դրած ենք մեր ստորագրութիւնները կը ներկայանանք մեր համայնքներու հանրութեան հայրենասէր խիղճին եւ առողջ դատողութեան՝ ճշդելով մեր քաղաքական դիրքորոշումը այնպէս, ինչպէս բանաձեւուած է այս յայտարարութեան մէջ, լսելի դարձնելու համար մեր ձայնը՝ իբրեւ առաջին քայլ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգման մասնակից դառնալու դժուարին բայց արժանապատիւ յանձնառութեան ուղիին վրայ:
Յարգելով բոլորին կարծիքի ազատութիւնը եւ Հայաստանին զօրակցելու յանձնառութիւնը՝ գաղափարախօսական, կուսակցական թէ այլ տարակարծութիւններէ անդին եւ վեր՝ կը հրաւիրենք հարաւային ամերիկայի համայնքի հաստատութիւնները եւ անհատ հայորդիները՝ իրենցը ընդունելու այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը եւ հրապարակային դարձնելու իրենց կեցուածքը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն,
Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն,
Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն