ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, արտաքին քաղաքականութեան նոր ուղղութեան հրապարակման ընթացքին յայտարարեց, որ «Ամերիկա վերադարձած է»։
«Միացեալ Նահանգները կը բախի աճող մենատիրութիւններու, Չինաստանի աճող յաւակնութիւններուն եւ ամերիկեան ժողովրդավարութեան վնաս հասցնելու՝ Ռուսիոյ վճռականութեան», յայտարարեց Պայտըն:
«Ես ուղղակիօրէն պիտի զբաղիմ այն մարտահրաւէրներով, զորս մեր մեծագոյն մրցակիցը՝ Չինաստան, կը նետէ մեր բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ ժողովրդավարութեան դիմաց», ըսաւ Պայտըն՝ աւելցնելով. «Մենք պիտի սահմանափակենք Չինաստանի տնտեսական չարաշահումները, պիտի դիմակայենք անոր յարձակողական գործողութիւնները եւ սպառնալիքը ու պիտի պատասխանենք Չինաստանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու, մտաւոր սեփականութիւններու եւ համաշխարհային կառավարման գործելաոճին վրայ կատարուած յարձակումներուն: Սակայն, մենք պատրաստ ենք Պէյժինկի հետ աշխատելու այն պարագային, երբ այդ կը բխի ամերիկեան շահերէն: Մենք պիտի մրցինք ուժի դիրքերէն», ըսաւ Պայտըն:
Պայտըն յայտարարեց, որ ամերիկեան արժէքները հարուածի տակ են եւ վերջին շաբաթներուն այս ընթացքը եզրագիծին հասած է, իսկ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքները իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ արժանի վերաբերմունք ապահովելը եւ իրաւունքի գերակայութեան հաստատումն են:
Նախագահը ըսաւ, որ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ասթին դադրեցուցած է Գերմանիայէն ամերիկեան զօրքերը դուրս բերելու հոլովոյթը, որովհետեւ այդ որոշումը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի: Բացի այդ, Միացեալ Նահանգները աւելի մեծ թիւով ներգաղթեալներ պիտի ընդունի, զայն այս տարի հասցնելով 125,000ի:
Ուաշինկթըն նաեւ պիտի աշխուժացնէ ջանքերը Եմէնի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ, պիտի դադրեցնէ աջակցութիւնը սէուտական ղեկավարութեամբ արաբական դաշինքին կողմէ այդ երկրին մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւններուն, սակայն նաեւ յստակ դարձուց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Սէուտական Արաբիոյ:
Պայտըն նաեւ ըսաւ, որ Պուրմայի (Միանմար) մէջ զինուորականները պէտք է լքեն իշխանութիւնը, ազատ արձակեն ձերբակալուած ղեկավարները եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները:
«Պիտի վերականգնենք մեր դաշինքները: Աշխարհի հետ դարձեալ կապ պիտի հաստատենք եւ դիմակայենք համաճարակին, կլիմայի ջերմացման եւ դարձեալ աշխարհի տարածքին ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւանց պաշտպանման մէջ մեր դիմագրաւած հսկայական մարտահրաւէրները», յայտնեց նախագահը:
Պայտըն իր խօսքին մէջ զգուշացուց Մոսկուան, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի չտատամսի Ռուսիոյ սուղ գին վճարել տալէ եւ պաշտպանելէ ամերիկեան շահերը եւ այդ նպատակով պիտի աշխատի նոյն մտածելակերպը ունեցող գործընկերներու հետ։
«Նախագահ Փութինին յստակ դարձուցի, իմ նախորդէս շատ տարբեր ձեւով, թէ ռուսական յարձակողական քայլերուն, մեր ընտրութիւններուն միջամտութեան, համացանցային յարձակումներուն, իր քաղաքացիներուն թունաւորման դիմաց Միացեալ Նահանգներու հանդուրժողականութեան օրերը աւարտած են», ըսաւ Պայտըն՝ աւելցնելով. «Աւելի ազդու պիտի ըլլանք Ռուսիոյ նկատմամբ»։
Պայտըն նաեւ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց՝ ազատ արձակելու ռուս այլախոհ Ալեքսէյ Նաւալնին, որ անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած եւ բանտարկութեան դատապարտուած էր:
Նշենք, որ Քրեմլին դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին ճառը եւ զայն նկատեց Ռուսիոյ նկատմամբ «շատ թշնամական»: