ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մէջ կը շարունակուին քաղաքացիներու ընդունման կէտի աշխատանքները, որոնց ծիրին մէջ հաստատուած է «թէժ գիծ»` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան անհետ կորսուածներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու համար: Անոնց որոնումը կը կատարէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի, ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն ներկայացուցիչներուն հետ փոխգործակցութեամբ: Բոլոր դիմումները արձանագրուած են, կը կազմուի տուեալներու շտեմարան, ուրուն տեղեկութիւնները կը փոխանցուին միացեալ որոնողական խումբերուն:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ օգնութեան համար քաղաքացիներու ընդունելութեան կէտ դիմած են առաւել քան 2392 անձեր:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը կը շարունակեն ապահովել պատերազմին պատճառով տուները լքած արցախցիներուն վերադարձը իրենց բնակավայրերը:
14 Նոյեմբեր 2020էն մինչ օրս, ընդհանուր առմամբ, Արցախ վերադարձած են 52 հազար 310 անձեր։