ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոր գործառոյթներով ու բովանդակութեամբ` թարմացուած եւ վերագործարկուած է «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն»ի Սփիւռքի բաժինի «Հայերն Այսօր» տեղեկատուական-լրատուական կայքը:
10 Փետրուարին, Երեւանի «Պեսթ Ուեսթըրն Քոնկրես» պանդոկի համալիրի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ տեղեկատուական կայքին նոր տարբերակին շնորհահանդէսը:
Ըստ «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն»ի Սփիւռքի բաժինի ղեկավար Լիւսի Վանայ Կարապետեանի՝ պահպանելով «Հայերն Այսօր» լրատուական հարթակի ձեւաչափը եւ անունը, տարաբնոյթ բովանդակութիւն ու նոր շունչ հաղորդուած է կայքին:
«Լիովին նոր` քառալեզու կայքում` արեւելահայերէնին զուգահեռ` աւելացրել ենք նաեւ արեւմտահայերէնը` կարեւորելով նրա պահպանումը: Մեր հարթակում Հայաստանն ու Սփիւռքը կարող են երկխօսել միմեանց հետ, միշտ տեղեկացուած լինել միմեանց մասին եւ կապ հաստատել», նշեց Կարապետեան:
Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ «Հայերն Այսօր» լրատուական կայքը`թարմացուած տարբերակով, պիտի շարունակէ առաւել արդիւնաւէտօրէն ծառայել հայրենիք-Սփիւռք կապերուն ու երկխօսութեան ամրապնդման:
Կարեւոր նկատելով Սփիւռքի դերը ժամանակի մարտահրաւէրներու պարունակին մէջ՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան նշեց, որ առարկայական տեղեկատուութեան միջոցով ամուր կապի ստեղծումը ներկայիս անհրաժեշտութիւն է: