ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Փետրուարին, Երեւանի ժամանակով կէսօրէն ետք ժամը 3:29ին, Երեւան քաղաքէն 8 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք (Նուպարաշէն վարչական շրջանէն շուրջ 2 քիլոմեթր հիւսիս) արձանագրուեցաւ երկրաշարժ: Երկրաշարժի կեդրոնը, ցնցումին ուժգնութիւնը եղած է 6-7 պալ:
Երեւան քաղաքին մէջ, երկրաշարժը արձանագրուած է 5-6 պալ ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ` 3-4 պալ: