Աւստրալիոյ խորհրդարանին Կը ներկայացուի Արցախը ճանչնալու խնդրագիրը
ԷՏԸԼԷՅՏ․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հարաւային Աւստրալիա նահանգի խորհրդարանին օրինակին հետեւելով, նահանգային Ծերակոյտը (Օրէնասդրական խորհուրդը) 17 Փետրուարին պաշտօնապէս ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ արցախցիներուն ինքնորոշման իրաւունքը՝ այդ քայլը Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման լաւագոյն տարբերակը նկատելով։ Անիկա նաեւ կոչ ըրաւ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան, որ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։
Բանաձեւը ներկայացուց Այրին Փնեւմաթիքոս։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հարաւային Աւստրալիոյ Հայկական մշակութային միութեան` համայնքային մակարդակով հայութեան շահերը պաշտպանելուն համար։ Իր կարգին, Հարաւային Աւստրալիոյ Հայկական մշակութային միութեան նախագահ Էլենա Գասպարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտականներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան բանաձեւին։
Միւս կողմէ, Աւստրալիոյ խորհրդարանի կայքին վրայ հրապարակուած է խնդրագիր մը, որմով կոչ կը կատարուի դաշնակցային իշխանութիւններուն՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած խնդրագիրը ցարդ ստորագրած են 3164 աւստրալիացիներ: