ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Չորեքշաբթի, 17 Փետրուարին, «Շամ Թայմզ»ը հաղոդեց, որ Սոչիի մէջ Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի 15րդ միջազգային հանդիպումին ընթացքին, Ռուսիա եւ Թուրքիա՝ իբրեւ Ասթանայի գործընթացի հովանաւոր պետութիւններ, խստօրէն դատապարտեցին ամերիկեան ուժերուն կողմէ սուրիական քարիւղին բռնագրաւումը, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ։
Անոնք շեշտեցին, որ քարիւղի հանքերը պէտք է անյապաղ սուրիական կառավարութեան հսկողութեան տակ դրուին։