ԵՐԵՒԱՆ.- 17 Փետրուարին, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցան Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴի Հանրային կապերու գրասենեակը։
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ծաւալող գործընթացներուն, Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան, Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձին, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդական առաքելութեան, միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ: