ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնին միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը՝ ՀԱՊՀի (Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարան) հովանիին տակ գործող Գիւմրիի երկրորդական վարժարանին մէջ ճարտարագիտութեան անվճար կրթական ծրագիր մը իրականացնելու վերաբերեալ:
«Ճարտարագիտութեան մասնագիտացում աւագ դպրոցում» խորագիրը կրող արդիական եւ գործնական դասընթացքին կրնան մասնակիցլ Հայաստանի Շիրակի մարզի 11րդ դասարանի այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին ձեռք բերել հիմնարար գիտելիքներ եւ փորձառութիւն, կը յայտնէ Գիւմրիի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կենդրոնի վարիչ Ամալիա Եղոյեան: «Ներկայ պայմաններուն մէջ, մեր բոլորին նպատակը պէտք է Հայաստանի զարգացումը ըլլայ։ Կը կարծենք, որ աշակերտներուն մօտ ճարատագիտութեան խթանումը կրնայ ըլլալ այդ զարգացման կարեւոր գործիքներէն մէկը», կավելցնէ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան անդամ Ալեք Բաղդասարեան :
Դիմումները պիտի ընդունին մինչեւ 28 Փետրուար, իսկ դասընթացները պիտի սկսին Մարտ 9ին:
Ծրագիրը ունի հետեւեալ բաժինները.
– Համակարգիչներու ծրագրային ճարտարագիտութիւն / Software Engineering
– Մեքենաշինութիւն / Mechanical Engineering
– Ելեկտրական ճարտարագիտութիւն / Electrical Engineering
– Արտադրանքի մշակում / Soft Skillset:
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու դիմել aef@aefweb.org ե-նամակի հասցէին։