ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արդիւնաբեր առցանց հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, քննարկելով Հայկական Հարցին եւ նահանգին Հայաստանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
«Շարունակելով դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական պաշտօնատարներու հետ մեր աշխոյժ խորհրդակցութիւնները, առիթը ունեցանք հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր քննարկելու ծերակուտական Փորթանթինոյի հետ, կեդրոնանալով յատկապէս իր համահեղինակած եւ տեղական իշխանութիւններուն Թուրքիայէն ներդրումները ետ քաշելու իրաւունք տուող թիւ 457 բանաձեւին վրայ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան
2016ին ծերակուտական ընտրուելէն ի վեր հայանպաստ իր գործունէութեամբ ծանօթ Փորթանթինօ հիմնադիր անդամ է Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի ու Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին. ան քանի մը առիթներով այցելած է Հայաստան եւ Արցախ ու յատկանշական ջանք տարած է նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքին մէջ։
2017ին ան արժանացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին «Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակին։