ԹԵՀՐԱՆ, «Ահվալ»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը դէմ է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ թրքական զինեալ ուժերու տեղակայման՝ նշելով, որ այդ երկու երկիրներուն հետ կապերու հարցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան մօտեցումը սխալ է:
Թուրքիա զօրքեր ուղարկած է Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային տարածքները` քիւրտ զինեալներուն դէմ պայքարելու եւ սուրիական ընդդիմութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Թուրքիա կը պատրաստուի երկու երկիրներուն մէջ ռազմակայաններ հիմնելու` հակառակ իրենց սահմանները խախտելու վերաբերեալ Պաղտատի եւ Դամասկոսի քննադատութիւններուն:
«Մենք կը մերժենք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ զինուորական ներկայութիւնը», ըսաւ Զարիֆ:
Զարիֆի յայտարարութիւնը յաջորդեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Հասան Ռոհանիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին, որուն ընթացքին քննարկուած էր ապահովութեան եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը: Ռոհանիի հետ զրոյցին ընթացքին Էրտողան ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է ջնջէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները: