ԵՐԵՒԱՆ.- 25 Փետրուարին, Բաղրամեան պողոտային վրայ վրաններ լարած, հոն գիշերած եւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները 26 Փետրուարին կատարեցին երթ, ապա՝ հանրահաւաք։ Անոնց միացան նաեւ բազմաթիւ ուրիշներ։
Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցած Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքին ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան կոչ ուղղեց ոստիկաններուն՝ միանալու ժողովուրդին, անոր դէմ չելլելու։ Ան շեշտեց, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնը արդէն դատապարտուած է, այս իրավիճակին մէջ չի կրնար երկիրը ղեկավարել։ Ան շեշտեց, որ այս քանի մը օրերը ամէնէն վճռականն են մեր շարժման համար՝ բացատրելով, որ ինչպէս 2018ին Նիկոլ Փաշինեան փտածութեան դէմ պայքարելու անուան տակ մտաւ բանակ եւ բանակը կոտրեց: Բանակը հլու-հնազանդ ենթարկուեցաւ այդ ջարդին: Ժողովուրդը կը ծափահարէր անոր: Զօրավար անունը հայհոյանք դարձած էր արդէն, իսկ այս բոլորին հետեւանքները շատ ակնյայտ դարձան պատերազմին ընթացքին։
«Հիմա կատարւում է երկրորդ քայլը` այդ տեղակալ հանելը, այդ բորբոքուածութիւնը, որ առաջացաւ բանակում, նորից փորձ է կատարւում ջարդել բանակը, որովհետեւ բանակն ինքնուրոյն է: Հիմա այսպիսի վիճակ է` Նիկոլը քայլ արեց, բանակն էլ իր քայլն արեց. բանակն ասեց, որ` Նիկոլին չեմ ընդունում: Ես համոզուած եմ, որ բանակը ոտքի կը կանգնի, եթէ չկանգնի, մենք պէտք է կանգնացնենք: Մենք շատ գործ ունենք` պատգամաւորների հետ աշխատելու, գնալ շրջանները, բայց այս մի քանի օրում որոշւում է ամբողջ պայքարի ճակատագիրը, ու ես երկու դէպքում էլ տեսնում եմ Նիկոլի պարտութիւն: Երկրորդ դէպքում` եթէ մեզ ու բանակին միանում է ողջ ժողովուրդը: Դրա համար ամուր պէտք է կանգնել, պէտք է լինել համբերատար եւ պատրաստուել վճռական գործողութիւնների: Մենք հէնց այնպէս չեն հաւաքւում, վճռական օրերն առջեւում են. մենք պէտք է պատրաստուենք այդ վճռական օրերին», նշեց Մանուկեան:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ յայտնեց, թէ իրավիճակը շատ յստակ է` Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ճնշումները բանակին, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան, յատկապէս գլխաւոր հրամանատարին նկատմամբ, որպէսզի հասնի հրաժարականի։ Ան հաստատեց, որ զինուած ուժերու, բանակին տրամադրութիւնը շատ յստակ է` իրենք ժողովուրդին կողքին են, ժողովուրդը` բանակին: Այս պայմաններուն մէջ ան կարեւոր նկատեց նախագահին դիրքորշումը: «Զինուած ուժերի Գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանի ազատման դիմումը գտնւում է նախագահի սեղանին: Նա յայտարարել է, որ դա չի ստորագրելու, բայց դա բաւարար չէ: Չստորագրելու դէպքում եռօրեայ ժամկէտից յետոյ ԳՇ պետը կը համարուի աշխատանքից ազատուած: Անհրաժեշտ է, որպէսզի ՀՀ նախագահը օրէնքի շրջանակում ներկայացնի առարկութիւն, քանի որ դա հակասահմանադրական է, եւ ներկայացնի Սահմանադրական դատարան», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան նշեց, թէ բոլորին պահանջը պէտք է ըլլայ այն, որ Հայաստանի նախագահը չտարուի վարչապետի շանթաժներէն, յստակօրէն ձեւակերպէ իր առարկութիւնը եւ փաստաթուղթը ուղարկէ դատարան:
Ապա ցուցարարները երթով ուղղուեցան Հայաստանի նախագահին նստավայր:
Աւելի ուշ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի խորհուրդի անդամ Արթուր Վանեցեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին՝ հաստատելով, որ պահանջած են արագ եւ միանշանակ լուծում տալ Հայաստանի մէջ ստեղծուած անբնական իրավիճակին:
«Նախագահը մեզ յստակ որեւէ բան չի խոստացել, լսել է մեր յստակ պահանջը, ասել է, որ կը հանդիպի ԳՇ պետի եւ ԶՈՒ բարձրագոյն սպայակազմի ներկայացուցիչների հետ եւ առաջիկայ օրերին իր որոշումը կը կայացնի: Բայց եկէք մենք ոգեկոչենք նախագահին, որ նա կայացնի որոշում յանուն Հայաստանի», յայտարարեց ան:
Անդրադառնալով զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեան` Վանեցեան ըսաւ, որ իշխանական քարոզչամեքենան կը փորձէ ապակողմնորոշել հանրութիւնը` նշելով, թէ այդ յայտարարութիւնը ռազմական յեղաշրջման փորձ է: «Եթէ բանակն ուզէր ռազմական յեղաշրջում անել, արդեօք մենք այսօր փողոցում հաւաքուած պէտք է դեռեւս այս պայմաններո՞վ պահանջէինք Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Այդ յայտարարութիւնը հանրութեան համար լրջագոյն ահազանգ է, որ երկիրը գտնւում է ծայրայեղ վիճակում, մենք կանգնած ենք անդունդի առջեւ, մէկ քայլ, եւ յայտնուելու ենք անդունդում», յայտարարեց Վանեցեան:
Մինչ այդ, օրուան առաջին կիսուն, ցուցարարները քայլերթ կատարեցին եւ կառավարական առանձնատուներուն մօտ անոնք դիմաւորուեցան մեծ թիւով ոստիկաններու կողմէ: Այդտեղ անոնք կարճ կանգառ ունեցան եւ Նիկոլ Փաշինեանին հեռանալու կոչեր ուղղեցին`յիշեցնելով, որ հայաստանեան բոլոր կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն կողմէ մերժուած է ան, իսկ իբրեւ սատարում Նիկոլ Փաշինեանի՝ հանդէս եկած են միայն Թուրքիա եւ այդ երկրի նախագահը:
Երթին ընթացքին շարժման ղեկավարները նաեւ կոչերով կը դիմէին ոստիկաններուն`վրաններով գալու Բաղրամեան պողոտայ եւ միանալու Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն եւ բանակին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ, շարժման ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպիսի բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեամբ, իբր թէ Հայաստանի մէջ ռազմական յեղաշրջման փորձ կը կատարուի, ինչ որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ իր սուտ յայտարարութիւններով Նիկոլ Փաշինեան մեծապէս կը վնասէ Հայաստանի միջազգային վարկին:
Դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներէն պահանջեց աշխարհին ներկայացնել իրականութիւնը. «Այն է`արժանապատիւ ժողովուրդը Հայաստանում իշխանութիւնն իր ձեռքն է վերցնում եւ հեռացնում է դաւաճաններին»:
Հայաստանի արդարադատութեան նախկին նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան պարտաւոր էր արձագանգել պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցածին, մինչդեռ այդ կառոյցը՝ իր ղեկավարով կը շարունակէ լռել: Ըստ անոր՝ այդ է պատճառը, որ բանակը եւ ընդհանուր հրամանատարութիւնը ստիպուած եղած են արձագանգելու կատարուող եւ կատարուած յանցագործութիւններուն:
Ցուցարարները պահանջեցին, որ Գլխաւոր դատախազը քրէական գործ յարուցէ՝ Նիկոլ Փաշինեանի գործողութիւններով պայմանաւորուած:
Բաղրամեան պողոտային վրայ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը վկայութիւնն էր այն խնդիրներուն, զորս անիկա համբերատար, լռութեամբ տարած է պատերազմի սկիզբէն իսկ։
«Գիտենք, որ ԳՇ պետը պատերազմը սկսելուց 4 օր յետոյ արդէն ասել է, որ այս վիճակը ծանր է, պէտք է վայրկեան առաջ պատերազմը կանգնեցնել: Բայց վարչապետը, քանի որ ապրում է այլ իրականութեան մէջ, համաձայն չի եղել: Այն վերաբերմունքը, որ ցուցաբերել էր վարչապետը ԳՇ պետի առաջին տեղակալի նկատմամբ, դա արդէն համբերութեան բաժակը լցրել էր», ըսաւ Մանոյեան:
Անդրադառնալով վարչապետին ան յայտարարութեան, թէ տեղի ունեցածը ռազմական յեղաշրջման փորձ է՝ Մանոյեան ըսաւ. «Եթէ այդպիսի բան անէին, ապա զօրք պէտք է լինէր առնուազն Երեւանում: Նման փորձ չի եղել»:
26 Փետրուարին «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին իբրեւ աջակցութիւն հաւաք տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի Ստեփան Շահումեանի հրապարակին վրայ, ուր հաւաքուած քաղաքացիները հաստատեցին, որ կանգնած են բանակին կողքին եւ կը պահանջեն Արցախը սկուտեղի վրայ թուրքին մատուցած, մեր ազգային արժէքները ոտնահարած, մեր հազարաւոր քաղաքացիները բռնի տեղահանած, ամէն ինչէ զրկած, մեզ կորուստի ենթարկած Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի ապիկար իշխանութեան հրաժարականը։ Անոնք հաստատեցին, որ միայն այդ պարագային պիտի կարենան ուղղել իրենց մէջքը եւ ուղղել այն սխալները, զորս դաւադիր իշխանութիւնները փաթթած են երկու պետութիւններու վիզին:
Նշենք, որ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան 25 Փետրուարի յայտարարութեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբը՝ ազատամարտիկներու, այսօրուան նուիրեալ կամաւորականներուն անունով հաստատեց, որ կը սատարէ հայոց բանակին, կանգնած է հայրենիքի եւ պետականութեան, անոր նուիրեալ զօրավարներուն, սպաներուն ու զինուորների կողքին։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը յայտարարեց, որ 27 Փետրուարին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ` Ազգային ժողովի շէնքի դիմաց, տեղի պիտի ունենայ այլ հանրահաւաք մը:
Նոյն օրը, նոյն ժամուն հաւաք տեղի պիտի ունենայ նաեւ Կապանի Գարեգին Նժդեհ հրապարակին վրայ`մարզպետարանին դիմաց: Այս մասին կը նշուի «Լեռնահայաստան» ազգային շարժման յայտարարութեան մէջ: «Կապանցիներ, թշնամին մեր սահմաններում է:
Տէր կանգնենք մեր սահմաններին եւ հայոց բանակին, որը վճռական ոչ է ասել մեր պարտութիւնը կանխորոշած վարչապետին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: