ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած ծանր մթնոլորտին, Արցախի վրայ շղթայազերծուած վերջին պատերազմին եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին արտայայտուեցաւ Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Անար Հիւսէյնով, հարցազրոյց մը տալով յունական ազդեցիկ «Թօ Վիմա» թերթին:
Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին սպառազինութիւն տրամադրելուն մասին՝ դեսպանը յայտնեց, թէ Ատրպէյճան տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պատրաստուէր պատերազմին, ստանալով բարձր արհեստագիտութեամբ զէնքեր եւ հետեւողականօրէն մարզելով իր բանակը: Ան յայտնեց, որ այլ երկիրներ եւս ռազմական օժանդակութիւն տրամադրեցին իր երկրին:
Ըստ դեսպանին՝ Ատրպէյճանի անկախութեան առաջին օրերէն, Թուրքիա ոչ միայն Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» ջատագովն էր, այլ նաեւ այս հարցին միջազգայնականացման գլխաւոր դերակատարը հանդիսացաւ:
Ան նշեց, որ Երեւան, քաջալերուելով Սփիւռքէն՝ կը պնդէր, թէ Հայաստան հողային պահանջներ ունի Ատրպէյճանէն:
Յունաստանի դեսպանին նկատմամբ Ատրպէյճանի նախագահի անպատշաճ վերաբերմունքին մասին հարցումին պատասխանելով՝ Հիւսէյնով փորձեց համոզել, թէ երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած կացութիւնը արդիւնք է տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն՝ յոյս յայտնելով, որ Աթէնք-Պաքու կապերը դարձեալ կը սերտանան։