ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․– Երեքշաբթի կէսօրին, Լիբանանի դրամանիշին գահավիժումը շարունակուեցաւ եւ մէկ ամերիկեան տոլարին արժէքը հասաւ 10,000 լիբանանեան ոսկիի: Լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումը, սղաճը եւ հետզհետէ վատթարացող տնտեսական պայմանները պատճառ դարձան, որ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուին փողոց եւ կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր, փակելով ճամբաներ գրեթէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Տորայի եւ Զուքի, բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ` երթեւեկի խճողումին պատճառով, սակայն այդ հարցերը տեղւոյն վրայ հարթուեցան: