ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 4 Մարտին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուեցան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու բնակիչները՝ դժգոհութիւն յայտնելով ներկայ իրավիճակին եւ իրենց հարցերուն նկատմամբ տիրող անտարբերութեան վերաբերեալ:
Հաւաքին մասնակցողները «Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեցին, որ իրենց նպատակն է քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռել տիրող իրավիճակին վրայ: «Ներսի վրայ արդէն յոյս չեն դնում եւ հայեացքները դէպի դուրս են ուղղել», կը գրէ լրագրող մը։
Ցուցարարները յատկապէս լուսարձակի տակ առին ընկերային զանազան ծանր հարցերը, որոնց կը բախին իրենց տուներէն զրկուած արցախցիները: Ազոխի բնակիչ Վրէժ Յակոբեան դիտել տուաւ, որ բնակութեան համար բնական պայմաններ չունին եւ ստիպուած գիշերներն ալ կ՛աշխատին՝ ընտանիքի ընկերային բեռը թեթեւցնելու համար:
Որոշ ժամանակ ետք Արցախի նախագահը իր մօտ հրաւիրեց հաւաքին մասնակցողներէն քանի մը ներկայացուցիչներ։
Ցուցարարները դիտել տուին, որ իրենց հաւաքը նաեւ կը միտի աջակցիլ «Յանուն Հադրութի» կազմակերպութեան, որ նոյն ժամանակ Երեւանի մէջ տարբեր դեսպանատուներու կը դիմէր՝ նախապէս ուղարկուած նամակներուն պատասխանները ստանալու համար:
Երեւանի մէջ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ դեսպանատուներուն դիմաց խումբ մը հադրութեցիներ եւ Արցախի տարբեր բնակավայրերէ, յատկապէս Շուշիէն եւ Քաշաթաղէն տեղահանուած բնակիչներ պահանջեցին իրենց վերադարձնել հայրենի հողը` Հադրութը: Անոնք դիտել տուին, որ հաւաքին նպատակը համապատասխան բովանդակութեամբ նամակ յանձնելն է երեք դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն, որոնց նախապէս ալ նամակ յանձնուած էր, իսկ այս անգամ նաեւ պահանջ կար՝ տեսակցելու դեսպաններուն հետ։
«Այսօրուայ մեր հաւաքի նպատակը ՌԴ դեսպանի հետ հանդիպման պահանջն է ու մեր ժողովրդին յուզող հարցերի քննարկումը: Արցախեան 44օրեայ պատերազմի հետեւանքով մենք բռնատեղահանուել ենք մեր հայրենիքից: Հիմա մեղաւորներ փնտռելու ժամանակն անցել է եւ աւելի շատ պէտք է ելքեր փնտռենք մեր հայրենիքը վերադարձնելու համար: Մենք մի քանի ճանապարհ ունենք` վերադարձ մեր հայրենիք, որը պէտք է իրականացնենք համախումբ ուժերով: Եթէ անգամ չյաջողուի,ապա Հադրութի անունը եթէ ոչ աշխարհագրօրէն, ապա գոնէ մեր այս համախմբուածութեամբ պէտք է պահպանենք», հաւաքին ընթացքին ըսաւ «Յանուն Հադրութի» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լեւոն Հայրիյեան։
Լեւոն Հայրիյեան դիտել տուաւ, որ թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն կողմէ արժանացան նոյն անտարբերութեան։