ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանի նախկին զինուորները 6 Մարտին, ժամը 1ին հանրահաւաք պիտի կատարեն պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մօտ` իբրեւ աջակցութիւն Գասպարեանի:
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հայոց բանակի վետերաններ, նախկին ծառայողներ լիայոյս ենք, որ դուք նոյնպէս կը միանաք հրաւիրուած հանրահաւաքին: Մենք պէտք ենք այսօր մեր բանակին, մեր հրամանատարին: Սիրով կը սպասենք ձեզ Շաբաթ օրը ՊՆ մուտքի մօտ: Ոտքի կանգնենք, թիկունք լինենք մեր Բանակին», կ՛ըսուի Վահագն Շուշանեանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։