ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսիս պապը Կիրակի օր այցելեց հիւսիսային Իրաքի այն շրջանները, որոնք նախապէս գրաւուած էին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումին կողմէ: Պապը Իրաք իր պատմական այցելութեան երրորդ օրը աղօթեց ծայրայեղ իսլամականներուն ամրոցը եղած Մուսուլի եկեղեցիներու աւերակներուն մէջ, ապա Քարաքոշի մէջ հանդիպում ունեցաւ քրիստոնեաներու հետ:
Ան Մուսուլի մէջ այցելեց Եկեղեցի հրապարակը՝ աղօթելու համար «Իսլամական պետութեան» դէմ պատերազմի զոհերուն համար: Ան ըսաւ, որ քրիստոնեաներուն Իրաքէն եւ Միջին Արեւելքէն գաղթը «անգնահատելի վնաս պատճառեց ո՛չ միայն այդ անհատներուն եւ առնչակից համայնքներուն, այլ նաեւ անոնց իրենց ետին ձգած ընկերութեան»:
Ակնարկելով Միջագետքի պատմական տարածքին, որ կը ներառէր արդի Իրաքի մեծամասնութիւնը, ներառեալ Մուսուլը՝ պապը ըսաւ. «Որքան անգութ է, որ այս երկիրը՝ քաղաքակրթութիւններու օրրանը, այսպիսի բարբարոս հարուած մը ստացած է, պաշտամունքի հնադարեան վայրեր քանդուած են եւ հազարաւորներ՝ իսլամներ, քրիստոնեաներ, եզիտիներ եւ ուրիշներ բռնի կերպով տեղահանուած կամ սպաննուած են: Այսօր, սակայն, կը վերահաստատենք մեր համոզումը, թէ եղբայրութիւնը աւելի յարատեւ է, քան եղբայրասպանութիւնը, թէ յոյսը աւելի ուժեղ է, քան ատելութիւնը, թէ խաղաղութիւնը աւելի ուժեղ է, քան պատերազմը»:
Պապը Էրպիլի մէջ մատուցեց պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հազարաւորներ, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին նկատմամբ մտավախութիւններու գոյութեան: