ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի մէջ 2021ի տարեսկիզբին իրականացած է 7 միլիառ 69.7 միլիոն դրամի շինարարութիւն, որ կը կազմէ նախորդ տարուան Յունուարի ցուցանիշին 47.2 տոկոսը:
Ըստ Արցախի ազգային վիճակագրական ծառայութեան՝ ֆինանսաւորման աղբիւրներուն համաձայն, իրականացած շինարարութեան 96.2 տոկոսը կատարուած է մարդասիրական օգնութեան միջոցներով:
Արդիւնաբերական արտադրութիւնը, ընթացիկ գիներով, 2021ի տարեսկիզբին եղած է 2 միլիառ 936 միլիոն դրամ, ինչ որ նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ նուազած է 71.2 տոկոսով:
Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը հաշուետու ժամանակաշրջանին եղած է 1 միլիառ 189 միլիոն դրամ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ նուազելով 50.1 տոկոսով: Նախորդ տարուան հետ բաղդատած՝ մասնաւորապէս միսի արտադրութիւնը նուազած է 50.1 տոկոսով, կաթինը` 53.9 տոկոսով: