ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Իսրայէլեան կարգ մը ընկերութիւններ Ատրպէյճանի կառավարութեան առաջարկած են աջակցիլ Արցախէն բռնագրաւուած տարածքներուն «վերաշինութեան», կը յայտնէ Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Իպրահիմ Հազար:
Նախապէս Պաքուին օգնութիւն առաջարկուած էր Թուրքիայէն, Իրանէն, Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն եւ Ճափոնէն:
«Ազատագրուած տարածքներու վերականգնումը պիտի իրականացուի տարածաշրջանի պատմական ժառանգութեան պահպանման պայմանով` ճարտարագիտական նորութիւններու զուգահեռ», ըսաւ դեսպանը:
Ըստ Հազարի՝ «Նախիջեւանի միջանցք»ը, որ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի զինադադարին վերաբերող յայտարարութեան կէտերէն մէկն է, ստեղծած է շրջանային համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ, որոնցմէ հիմնականն է երկաթուղիով ապրանքներ արտածելը: Շոգեկառքերը արդէն սկսած են անցնիլ Ատրպէյճանէն` Պոլիսէն Կեդրոնական Ասիա եւ նոյնիսկ Չինաստան տանող ճամբով:
«Հայաստանի յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած նիւթական վնասը կը կազմէ առաւել քան 50 միլիոն տոլար», ըսաւ Հազար: