ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վարակումներու տարածման տուեալներուն նուազումին շնորհիւ, դպրոցները աստիճանաբար վերաբանալու մասին նահանգային եւ գաւառային իշխանութիւններուն որոշումներուն անսալով՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանը ամբողջացնելու վրայ է իր նախապատրստական աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ 29 Մարտէն սկսեալ վերաբանալ նախակրթարանները, թէ՛ աշակերտերուն եւ թէ անձնակազմին համար ապահով պայմաններու մէջ, կը յայտնէ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապերուհի դոկտ. Արմինա Կարապետեան։
Նախ պիտի վերադառնան մանկապարտէզէն 2րդ դասարանի աշակերտները, իսկ 5 Ապրիլին՝ նաեւ 3-6րդ դասարաններու աշակերտները։
Նախնական հանգրուանին, բոլոր աշակերտները միաժամանակ պիտի չվերդառնան, այլ անոնք դասաւանդութիւններուն պիտի հետեւին թէ՛ դպրոցներուն մէջ եւ թէ տունէն, որպէսզի կարելի ըլլայ բաւարար հեռաւորութիւն պահպանել աշակերտներուն միջեւ։ Նաեւ առիթ պիտի տրուի աշակերտներուն, որ այս տարեշրջանի դասաւանդութիւնները առցանց աւարտեն։
Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ Վիվիա Էքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց համաճարակի պայմաններուն մէջ իրենց աշխատանքը նուիրեալ կերպով շարունակած ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին։
Կրթաշրջանը նաեւ պատուաստներ ապահոված է ուսուցիչներուն, որոնց մէկ մասը 22 Մարտէն սկսեալ պիտի ստանայ երկրորդ սրսկումը։