ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 11 Մարտին, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու յառաջիկայ ծրագիրներուն վերաբերող մամլոյ ասուլիս մը:
Ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անի Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Քրիստ Բրուտեան խօսեցան Արցախի մէջ իրականացուող ու նախատեսուող շարք մը ծրագիրներու մասին եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն։
Արշակ Մեսրոպեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց պատերազմի օրերուն ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն ծաւալած քարոզչական, իրազեկման, կամաւորական աշխատանքները: Պատերազմէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը, ուսումնասիրելով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, առանձնացուց շարք մը լուծում պահանջող առաջնահերթ հարցեր, որոնց լուծման նպատակը կը հետապնդեն իրականացուող աշխատանքները:
«Շփուելով երիտասարդների, արցախահայութեան հետ նկատել ենք, որ հիմնական խնդիրն անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններն են: Երկրորդ ամենասուր խնդիրը ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակն է: Առկայ անորոշութիւնը, մտահոգութիւնները որոշ չափով մեղմացնելու համար մի շարք նախաձեռնութիւններ ենք իրականացնելու: Հայրենիք պահելը հեշտ գործ չէ, հայրենիքը պահում են այնտեղ ապրելով, արարելով: Ինչքան էլ դժուար լինի, միասնաբար կը յաղթահարենք», հաստատեց Արշակ Մեսրոպեան՝ աւելցնելով, որ համահայկական ներուժը պէտք է կեդրոնացնել Արցախի մէջ պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ զարգացման աշխատանքներուն վրայ:
Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուն որոշ մասնամասնութիւններ ներկայացուց նաեւ Արցախի երիտասարդներու կարողականութիւններու եւ հմտութիւններու զարգացման վարժանքներուն մասին, որուն բացումը նոյն օրը կը կայանայ։
Դասընթացքներուն նպատակը ընկերային-տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելն է: «Ընտրուած ոլորտները հեռանկարային են եւ արդիական՝ աշխատանքի տեղաւորման հետ կապուած: Գիտելիքների, հմտութիւնների փոխանցումից յետոյ գաղափարները վերածուելու են փոքր գործարար-ծրագրերի: Մենք որպէս կառոյց ապահովելու ենք հարթակը, որտեղ ներդրողները ծանօթանալու են դասընթացներից ստացած գիտելիքների հիման վրայ երիտասարդների կազմած ծրագրերի հետ: Հաւանութեան արժանանալու դէպքում այդ ծրագրերը ֆինանսաւորելու են», յայտնեց Արշակ Մեսրոպեան:
Անի Յովհաննիսեան ներկայացուց վերջին շրջանին ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան իրականացուցած ծրագիրները՝ շեշտելով, որ իրենց ուժերու ներածին չափով պատրաստ են նպաստելու Արցախի վերակագնման:
Քրիստ Բրուտեան Արցախ եկած է մարդասիրական աշխատանքներ կատարող խումբին հետ: Երիտասարդներուն մէկ մասը պիտի աշխատի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին մէջ, իսկ միւս մասը Արցախի երիտասարդներուն, պատանիներուն համար ժամանցային, դաստիարակչական ծրագիրներ պիտի իրականացնէ:
«Լիբանանի մէջ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային առումով անորոշ վիճակ է, բայց ասիկա արգելք չի հանդիսանար Արցախի մէջ ծրագիրներու իրագործման: Մենք պէտք է օգնենք Արցախի ժողովուրդին՝ նորէն ոտքի կանգնելու, դաշնակցական երիտասարդները պատրաստ են մաս կազմելու այդ ծրագիրներուն», հաստատեց Քրիստ Բրուտեան։