Համագործակցութեամբ «Արտակ Մանուկեան» ազգային թանգարանի եւ «Ջաւիդ» պատկերասրահի պատասխանատուներուն, 25 Փետրուարին տեղի ունեցաւ իրանահայ ժամանակակից նկարիչներու ընտրանի կտաւներու «Արմատներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին իրանահայ գեղանկարչութեան ծիրին մէջ նորարարութիւն ստեղծող արուեստագէտներու կտաւները:
3 Մարտին, թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ թեմական խորհուրդի ատենապետ ճարտարապետ Նորայր Արամեանի, այցելեց պատկերասրահը: Ան գնահատեց ցուցահանդէսի կազմակերպիչները՝ շեշտելով, որ արուեստը բնագաւառ մըն է, թէ ցեղային եւ կրօնական տարբերութենէն անդին կը հետաքրքրէ մարդ արարածը: Սրբազանը նաեւ նկատել տուաւ, որ սոյն աշխատանքը իրանեան ընկերութեան յատուկ երեւոյթ է, որովհետեւ Իրանը միշտ եղած է տարբեր մշակոյթներու օրրան: