ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն եւ Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահական մարմիններուն որոշումով, Երկուշաբթի, 15 Մարտին, տնտեսութիւնը վերաբանալու յաւելեալ քայլեր սկսան առնուիլ։
Նկատի ունենալով վարակումներու թիւին եւ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներու թիւերուն նուազումը՝ ճաշարանները, շարժապատկերի սրահները, թանգարանները եւ կենդանաբանական պարտէզները իրենց վերապահուած յաճախորդներու քանակին 25 տոկոսը ընդունելու պայմանով պիտի վերաբացուին, իսկ շուկաները պիտի սկսին աւելի մեծ թիւով յաճախորդներ ընդունիլ։
Ըստ Երկուշաբթի օրուան տուեալներուն՝ ցարդ Միացեալ Նահանգներու տարածքին մօտաւորապէս 70 միլիոն քաղաքացիներ առնուազն մէկ պատուաստ ստացած են, իսկ 65 տարիքը բոլարծներուն մօտաւորապէս 67 տոկոսը պատուաստուած է։