Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներով զբաղող բրիտանական «Հէյլօ Թրասթ» ընկերութիւնը հերքեց թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն Արցախի մէջ ականապատուած տարածքներու քարտէսներ տրամադրելու մասին լուրերը:
Այս մասին ընկերութիւնը յայտարարեց հետեւեալը. ««Հէյլօ Թրասթ»ը տեղեակ է այն պնդումին մասին, որ 2020ի ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին կամ անկէ առաջ թրքական ուժերուն ականուած դաշտերու քարտէսներ տրամադրած է: Այս պնդումը բացարձակապէս սուտ է։ Առաւել քան 20 տարիներու ընթացքին «Հէյլօ Թրասթ»ը աշխատած է Ղարաբաղի մէջ՝ տեղական բնակչութեան կեանքը անվտանգ դարձնելու համար: Մենք աշխարհի տարածքին կրնանք աշխատիլ տագնապի գօտիներու մէջ միայն այն պատճառով, որ ոչ-քաղաքական եւ չէզոք կազմակերպութիւն մըն ենք»։
Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան լրատուամիջոցի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին մանրամասնած էր, որ բրիտանական ընկերութիւնը թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն տրամադրած է Արցախի մէջ ականապատուած տարածքներու քարտէսը, ինչ որ կարելիութիւն տուած է 44օրեայ պատերազմին ընթացքին բարեյաջող կերպով յաղթահարել Արցախի պաշտպանութեան բանակի պաշտպանական ականապատուած տարածքները: