Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը խոր ցաւով կը գուժեն Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի երկարամեայ տնօրէն, բազմավաստակ ազգային գործիչ ու կրթական մշակ Վազգէն Մատէնլեանի մահը, որ պատահեցաւ 13 Մարտ 2021ին:
Վազգէն Մատէնլեան մեր թեմէն ներս ծառայական հարուստ վաստակ ունի՝ իբրեւ կրթական մշակ, տնօրէն ու ազգային-գաղափարական գործիչ ան իր տասնամեակներու ծառայութիւններուն համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի տիկնոջ՝ Սեդային, դուստրերուն՝ Մարալին եւ Լոռիկին ու անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
Պիտի կատարուի Ազգային թաղում: Մանրամասնութիւնները կը ծանուցուին մամուլով:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋԱՆՈՐԴԱՐԱՆԻ