ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Անգարա մտահ չէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակաւին չէ խօսած իր թուրք պաշտօնակիցին հետ, պնդեց Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն` աւելցնելով. «Թուրքիա այլեւս պիտի չզիջի: Իմ խօսքերս կրնան քիչ մը կարծր ըլլալ, սակայն այդ մէկը (Պայտընի հետ հաղորդակցութեան բացակայութեան մասին քննարկումը) ինծի կը յիշեցնէ ստորադասութեան բարդոյթ, որ կար նախորդ վարչակազմերուն մօտ», ըսաւ Քալըն՝ աւելցնելով. «Պարաք Օպամայի օրերուն Ուաշինկթըն սկսած էր աջակցիլ սուրիական քրտական խումբերուն, զորս Թուրքիա ահաբեկչական կը նկատէ, մինչդեռ Տանըլտ Թրամփ պատժամիջոցներ հաստատեց «Էս, 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին պատճառով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.