ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Մոսկուա կը վերահաստատէ բոլոր ուղղութիւններով Թուրքիոյ հետ կառուցողական գործակցութիւնը ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ բարեկամութեան ու եղբայրութեան դաշնագիրի ստորագրութեան 100ամեակին առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Այդ համաձայնագիրը հիմք հանդիսացած է երկու պետութիւններուն միջեւ ժամանակակից յարաբերութիւններուն: Նախորդ հարիւր տարիներուն ընթացքին իր քաղաքական եւ պատմական արդիականութիւնը չկորսնցուցած Մոսկուայի դաշնագիրի ոգիին եւ սկզբունքներուն հետեւիլը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման գրաւականն է»: