ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նիկոլ Փաշինեան 17 Մարտին պիտի այցելէր կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) անդամները, տեղեկանալով այս մասին, օր մը առաջ յայտարարութիւն տարածեցին եւ յայտնեցին, թէ մտադիր են փակել անոր ճամբան:
Առաւօտեան արդէն նախարարութեան շէնքը չորս կողմէն շրջապատուեցաւ ոստիկաններուն կողմէ, ինչպէս նաեւ երկու կողմէն փակուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի փողոցը:
«Մենք երեք ընկերներով ենք այստեղ: Մենք ուզում էինք ցոյց տալ հէնց այս ոստիկանապետութեան պատկերը, որը հիմա Հայաստանում իրականութիւն է դարձել», նախարարութեան շէնքին մօտ լրագրողներու ըսաւ ՀՅԴ ՀԵՄի անդամ Քրիստինէ Վարդանեան:
«Նիկոլ Փաշինեանը 500 մետր վերեւ գտնուող իր աշխատասենեակից 500 մետր ներքեւ գտնուող նախարարութիւն կարող է այցելել հազարաւոր ոստիկանների ուղեկցութեամբ: Տեսէք` ժողովրդավարութիւն յորջորջող մարդը, թիմը ոնց է տեղաշարժւում ու ինքներդ որոշէք` ուզո՞ւմ էք էսպիսի ղեկավար ունենալ, թէ՞ ոչ… Երեք ընկերով ենք այստեղ, բայց շրջապատուած ենք այսքան ոստիկաններով», դիտել տուաւ ան:
Երիտասարդներէն մէկը՝ Գոռ Սարգսեան, յիշեցուց, որ տարի մը առաջ, երբ նախարարութեան դիմաց նստացոյց կը կատարէին եւ կը պահանջէին տխրահռչակ նախարարին հրաժարականը, Նիկոլ Փաշինեան եկաւ, կանգնեցաւ իրենց առջեւ, եւ խօսեցան։ «Մենք ուզում ենք ցոյց տալ, թէ մէկ տարի յետոյ Նիկոլ Փաշինեանի իրական վիճակը եւ նրա իշխանութեան իրական պատկերը որն է․ նա այսօր խուսափում է Հայաստանի քաղաքացիների հետ հանդիպելուց, եւ կառավարութիւնից նախարարութիւն տեղաշարժւում է հազարաւոր ոստիկաններով: Նրա իշխանութիւնը բաղկացած է այս ոստիկաններից», նշեց ան։
Կառավարութեան շէնքէն դէպի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն՝ 500 մեթր տարածութիւնը, հազարաւոր ոստիկաններու ընկերակցութեամբ եւ քանի մը ինքնաշարժներու շարասիւնով փոխադրուող Նիկոլ Փաշինեանը ցուցարարները դիմաւորեցին կառավարութեան շէնքին մօտ` «Դաւաճան» վանկարկումներով:
«Որոշեցինք գալ` այստեղ բարեւել նրան, օրհնել, նոր այստեղից թող գնայ այնտեղ», ըսաւ ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ Սարգիս Կարապետեան: Ան նշեց, որ նախորդ անգամ, երբ ինք առանձին բողոքի ցոյց կը կատարէր, 60 ոստիկաններ բերին իր դէմը, իսկ այդ հաւաքին, երբ տասնեակ մը ցուցարարներ կան, ոստիկաններուն թիւը բազմապատկուած է: