Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի (Rafael de Nogales Mռndez) «Չորս Տարի Մահիկին Տակ» գիրքը արաբերէնի թարգմանուած լոյս կը տեսնէ «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի հրատարակութեամբ (թիւ 15): Գիրքին թարգմանութիւնը ռուսերէնէ կատարուած է սուրիացի անյայտ թարգմանիչի մը կողմէ, իսկ թարգմանութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է հալէպահայ ազգայիններէն դոկտ. Հուրի Ազէզեան:
Համաշխարհային առաջին պատերազմին Օսմանեան բանակին մէջ կամաւորաբար ծառայած վենեզուելլացի սպայ Մենտեզ ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայութիւնը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընելու Իթթիհատ Վէ Թերաքքի կուսակցութեան ծրագիրին գործադրութեան: Ան Վան եւ Տիգրանակերտ, ապա Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու իրավիճակին եւ բնաջնջման արարքին ու բռնագաղթին ականատեսը եղած է: Ամէնուրեք հարց տալով կառավարիչներուն ցեղասպանութեան դրդապատճռներուն մասին՝ ստացած է նոյն պատաանը, թէ այս բոլորը ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի հրամանն էին:
Շուրջ 530 էջերու մէջ 31 գլուխներէ բաղկացած այս գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի յուշագրութիւնը, որուն բնագիրը սպաներէն է:
Յիշեցնենք, որ գիրքը կրնաք ձեռք ձգել կաթողիկոսարանի գրախանութէն կամ այցելելով գրատան www.ciliciabookstore.com կայքը: