Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց ծխական համայնքին համար Շաբաթ, 13 Մարտը եւ Կիրակի, 14 Մարտը եղան յիշատակելի օրեր: Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ համայնքին, յատուկ փայլք եւ հոգեւոր մթնոլորտ ստեղծելով տեղւոյն հայութեան կեանքին մէջ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ անհուն բերկրանքով ընդունեցին իրենց հոգեւոր առաջնորդը. անոնք վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը եւ զօրակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ, ապա իրենց անկեղծ շնորհաւորանքները փոխանցեցին նորընտիր սրբազանին:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Շաբաթ յետմիջօրէին դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողմէ եւ ան հանդիսապետեց երեկոյեան ժամերգութեան, որուն մասնակցեցան եկեղեցւոյ սարկաւագներ, միաւորներ, Լոս Անճելըսէն ժամանած հոգեւոր հայրեր, ներկայութեամբ հաւատացեալներու: Ժամերգութեան աւարտին սրբազանը իր ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեց Օրենճ Քաունթիի ծխական շրջանը այցելութեան առիթով եւ շեշտեց հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ առաքինութիւններու կարեւորութիւնը՝ իբրեւ քրիստոնէական կենցաղի հիմնարար սկզբունքներ: Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ընթրիք, որուն ընթացքին ներկաներէն շատերը արտասանեցին իրենց յարգանքի եւ երախտագիտութեան սրտի խօսքերը:
Կիրակի առաւօտեան, առաջնորդը Ս. պատարագ մատուցեց Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով, կատարեց մատաղի օրհնութիւն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը: Պատարագին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, նախկին հովիւ՝ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ ու դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեան, նախկին ատենապետ Կարօ Էշկիեան, մատաղի արարողութեան հովանաւոր տէր եւ տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններ եւ եկեղեցւոյ ու համալիրի հիմնադիր բարերարներ, համայնքի հայութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալ հայորդիներ:
Սրբազան հօր պատգամին առանցքը կազմեց քառասուն զինուորներու նահատակութիւնը ի փառս աստուածային սիրոյն, զոր ան մեկնեց՝ ըսելով. «Կային քառասուն երիտասարդներ, որոնք սիրահարուած էին Յիսուսի, սիրահարուած էին Աստուծոյ, սիրահարուած էին քրիստոնէական կրօնքին եւ այնքան սէր ունէին Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ, որ յանձն առին տոկուն մնալ իրենց սիրոյն մէջ եւ իբրեւ պատիժ նախընտրեցին «սառէ լիճ»ը ձգուիլ եւ յանուն Յիսուս Քրիստոսի նահատակուիլ: Այդ զինուորները թէեւ շատ հաւատացին եւ շատ յուսացին, բայց ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր՝ անոնք սիրեցի՛ն: Սէրը միայն զգացական պահ մը չէ մարդոց կեանքին մէջ, սէրը բառ չէ միայն, սէրը ապրում է, սէրը զոհողութիւն կ՛ենթադրէ, սէրը մեզ կը կապէ մեր Արարիչին հետ եւ սիրոյ ճամբով Արարիչը կը խոնարհի դէպի երկիր, ըլլալու համար իր ժողովուրդին հետ եւ իր ժողովուրդին կողքին»:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ եթէ կ՛ուզես Աստուած սիրել, ապա կը հրաւիրուիս սիրելու քու նմանը, քու եղբայրը, քու քոյրը եւ միայն այդպէս իրագործած կ՛ըլլաս առաքելութիւնդ, սիրած կ՛ըլլաս զԱստուած:
«Այսօր տօն է Օրենճ Քաունթիի մեր զաւակներուն համար, թէեւ մեր կեանքին մէջ կան, գոյութիւն ունին զանազան հարցեր, տխրութիւններ ու դժուարութիւններ, բայց Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին առիթով, աստուածային լոյսը կը բացուի համանուն մեր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ընդմէջէն եւ մենք՝ հօտ եւ հովիւ, կը հրաւիրուինք աստուածային լոյսը տեսնելու եւ յոյսով նայելու վաղուան օրուան, որ երկնային ջրվիժացող սիրով պիտի ողողէ մեզ, որպէսզի մենք ձեռք-ձեռքի բռնած՝ նորոգ ուժով շարունակենք միասին քալել Աստուծոյ ճամբուն մէջէն, մեր եկեղեցւոյ ծաղկազարդման եւ մեր ժողովուրդի կեանքին բարեզարդման համար, որովհետեւ մեր եկեղեցին ոչ թէ քարաշէն տաճարն է, այլ մեր ժողովուրդը ի՛նքն է, որ իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ եկեղեցին կ՛եկեղեցիացնէ», հաստատեց սրբազանը:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ առ ի խաղաղութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիրներու եւ սպասարկողներու հոգիներուն:
Յայտնենք, որ նոյն օրը սրբազան հօր տնօրինումով եւ Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին խնդրանքով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ազգային հերոս եւ վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թեհլիրեանի անմեռ յիշատակին, անոր հերոսական արարքի 100ամեակին առիթով:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հաւատացեալները ուղղուեցան «Ղուկասեան» սրահը, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Մանօ Տիշոյեան, Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Քնար Քէրքէսէրեան եւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան արտասանեցին երախտագիտական խօսքեր եւ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին առաջնորդին: Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով վերջ գտաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած «սիրոյ սեղան»ը: