ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր հեղինակած է առաջարկ մը, որ կոչ կ՛ընէ խորհուրդին՝ Լոս Անճելըս գաւառին զօրակցութիւնը յայտնելու մօտաւորապէս 200 հայ գերիներու ազատ արձակումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 240 բանաձեւին։
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Քոնկրեսի Հայկական համախումբի ղեկավարներուն առաջնորդութեամբ՝ աառաւել քան 30 քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ ազատ արձակելու գերի պահուող աւելի քան 200 հայ զինուորները եւ քաղաքացիները, որոնք տակաւին պատանդ կը պահուին 9 Նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն 100 օրեր ետք:
Պարկըր այս առիթով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկկուսակցական բանաձեւին զօրակցող քոնկրեսականներուն եւ յատկապէս անոր հեղինակներէն Էտըմ Շիֆին։