ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Վանաձորի կոմիտէութեան շարքերը կը շարունակեն համալրուիլ: Վանաձորի կոմիտէութեան գրասենեակին մէջ 19 Մարտին տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ կուսակցութեան շարքերը համալրեցին շարք մը նորագիրներ:
Աւանդական երդման արարողութեան մասնակցողներուն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին եւ նորագիրներուն բարի գալուստ մաղթեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արմենուհի Կիւրեղեան եւ կոմիտէութեան նախագահ Ռուդիկ Վարդանեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ ապագայ ծրագիրներու քննարկում։