ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին մօտաւորապէս 1.2 միլիոն տոլարի նպաստներ բաժնած է։
Գումարին 93 տոկոսը տրամադրուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի կրթանպաստներու եւ կրթական հաստատութիւններու։ 252,888 տոլար յատկացուած է՝ իբրեւ կրթաննպաստներ, 233,893 տոլար դպրոցներու նորոգութիւններու տրամադրուած է, իսկ 195,512 տոլար՝ համակարգիչներ ապահովելու համար։ Հիմնարկութիւնը նաեւ 82,301 տոլար յատկացուցած է Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի եւ Սուրիոյ կրթական հաստատութիւններու։
Վերջին տասնամեակին, հաստատութիւնը 5.2 միլիոն տոլարի նպաստներ բաժնած է գլխաւորաբար Հայաստանի գիւղերուն, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ։ Անիկա 1998էն ի վեր ցարդ 200էն աւելի վարժարաններ նորոգած է:
Հինարկութեան գանձապահը՝ Վահէ Յակոբեան, այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան նեցուկ կանգնող բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, որոնք անոր բարեսաիրական գործունէութիւնը կարելի կը դարձնեն։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել aef@aefweb.org կայքը: