Երկուշաբթի, 22 Մարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Ապտալլա Էլ Պուխարի կոչ ուղղեցին՝ շուտափոյթ նոր կառավարութիւն կազմելու եւ տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու ազդու միջոցներ որդեգրելու:
Վեհափառ հայրապետին գրասենեակին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, կաթողիկոսը եւ դեսպանը Լիբանանի ներկայ կացութեան վերաբերող հարցերու առընթեր, նաեւ իրենց լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեցին ընդհանրապէս արաբական աշխարհի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տակաւ աճող թրքական ներկայութեան:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ դրական մօտեցումը այլ կրօններու հետ երկխօսութեան, անոր զօրակցութիւնը Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի զարգանան ու առաջարկեց, որ Սէուտական Արաբիա միջամտութիւն կատարէ Ատրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու շուտափոյթ ազատագրման համար:
Դեսպանը, իր կարգին, մեծապէս գնահատեց Լիբանանի հայ համայնքին հաւասարակշռուած եւ իրապաշտ մօտեցումը՝ Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Ան իր գնահատանքը յայտնեց միջկրօնական գործակցութեան եւ գոյակցութեան ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետին ծաւալած աշխատանքներուն, Լիբանանի մէջ թէ դուրս։ Ապա, ան վեհափառը հրաւիրեց ճաշի եւ յարմար առիթով այցելելու Սէուտական Արաբիա: