ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 23 Մարտին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Լուրը հաղորդեց նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահը եւ վարչապետը քննարկեցին երկրին իրավիճակը, ներքաղաքական մթնոլորտի բարելաւման միտուած քայլերը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն:
Կարեւոր նկատուեցաւ ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար կազմակերպման վերաբերող անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը, որոնց կարգին՝ Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման միջոցով: