ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մարզային մեծ եւ փոքր քաղաքներուն մէջ կենսոլորտի պահպանութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան յարմարելուն ուղղուած կարողութիւններուն ընդլայնման նպատակով, Հայաստանի Ծառատունկի ծրագիրը (Armenia Tree Project, (ATP)) Եւրոպական Միութեան կողմէ ստացաւ 830,000 տոլար դրամաշնորհ: Դրամաշնորհին գլխաւոր դիմողը ATP-ն էր, իսկ երկրորդական դիմողներն էին՝ «Ճինիշեան» եւ «Ուժանիւթի հայկական գործակալութիւն» հիմնարկները:
ATP-ի «Կանաչ համայնք, դիմացկուն ապագայ» ծրագիրը կը ներկայացուի կանաչ համայնքի քաղաքաշինական տիպար օրինակը՝ ուղղուած Հայաստանի կենսոլորտի պահպանութեան ու կլիմայի փոփոխութեան յարմարելու ջանքերուն:
Ծրագիրէն պիտի օգտուին Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզի 15 քաղաքներ եւ անոնց յարակից համայնքներ: Գումարներ պիտի կը տրամադրուին հետեւեալ աշխատանքները իրականացնելու համար.
– Կանաչապատել 15 համայնքներ
– Կանաչապատել 50 դպրոցներու եւ 10 այգիներու տարածքներ
– Ընդլայնել թիրախ հանդիսացող քաղաքային համայքներու կանաչապատման կարողութիւնները
– Մարզային մեծ եւ փոքր քաղաքներու կից տասը վայրերու մէջ շուրջ 100 հեկտար տարածքի վրայ անտառտնկում իրականացնել
– Հիմնել 150 տնամերձ տնկարաններ (nursery)` հիմք ընդունելով ATP-ի մրցանակակիր տնամերձ տնկարանների ծրագիրի օրինակը
– Հիմնել մէկ տնկարան Գիւմրիի մէջ` հիմնուելով ATP-ի կողմէ կիրարկուող Միրաք ընտանիքի անուան անտառավերականգնման յաջող օրինակը
– Ստեղծել առցանց տեղեկատուութեան փոխանակման եւ ուսուցման հարթակ
– Հզօրացնել ATP-ի գործող 5 կենսոլորտի պաշտպան ակումբներու կարողութիւնները` նոյն ժամանակ ստեղծելով եւս 10 նման ակումբներ
– Շուրջ 7000 դպրոցականներ ընդգրկել բնապահպանական կրթութեան ծրագիրին մէջ
– Բնակչութեան իրազեկուածութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով՝ իրականացնել կենսոլորտի պաշտպան ակումբներու եւ աղբահաւաքներու ծրագիրներ, որոնց ընթացքին կը կազմակերպուին նաեւ մրցոյթային արշաւներ:
Դրամաշնորհի ծրագիրին շնորհիւ, ընտրուած համայնքներուն մէջ նաեւ պիտի ստեղծուին աշխատանքի նոր կարելիութիւններ:
«Կանաչ համայնք, դիմակայուն ապագայ» ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է եւ կը նախատեսուի զայն իրականացնել 36 ամիսներու ընթացքին։