ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ յետ–պատերազմի 3 ամիսներուն՝ Դեկտեմբեր 2020էն մինչեւ այս տարուան Փետրուար արձանագրուած են ընդհանուր առմամբ 332 ծնունդներ:
Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքացիական կացութեան աքթերու արձանագրութեան եւ նոտարական գործակալութեան պետ Լիանա Միրզոյեան: Ըստ անոր՝ նոյն ժամանակաշրջանին, Արցախի մէջ արձանագրուած են 390 ամուսնութիւններ եւ 33 ամուսնալուծութիւններ: Ամուսնութիւններու մեծագոյն թիւը՝ 162, արձանագրուած է այս տարուան Փետրուարին, իսկ ծնունդներու մեծագոյն թիւը՝ ընդհանուր առմամբ 118, Արցախի մէջ արձանագրուած է Յունուարին։