Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հինգշաբթի երեկոյան 2022ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը յաղթանակով սկսաւ։
Եւրոպայի Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը Վատուզի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց հիւրենկալ Լիխթենշթայնի դէմ։
Մրցումին որբ կօլը 83րդ վայրկեանին նշանակուեցաւ Լիխթենշթայնի հաւաքականէն Ֆրոմելթի կողմէ, որ սխալմամբ իր խումբին դարպասը գրաւեց։
Մրցումին լաւագոյն մարզիկը Whoscored-ի կողէմ ընտուրեցաւ Յովհաննէս Համբարձումեան, ստանալով 10 կէտի մէջ 8.6 կէտ։ Կիպրոսի «Անորթոսիսի» կազմէն խաղցող Համբարձումեան նաեւ մաս կազմեց 24-25 Մարտի բոլոր զտումի մրցումներուն խորհրդանշական հաւաքականին։
Հայաստանի յաջորդ մրցումը՝ Իսլանտայի դէմ, տեղի պիտի ունենայ 28 Մարտին, Երեւանի մէջ։